2015-11-19 12:18:00

''Յիսուս կու լայ աշխարհի մը համար որ կը սպաննէ եւ խաղաղութիւնը չի հասկնար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Համայն աշխարհը այսօր պատերազմի մէջ է, որուն ոչ մէկ արդարացում կայ։ Եւ խաղաղութեան ճանապարհին ժխտումը  այնպէս կ՛ընէ որ նոյնինքն Աստուած, նոյնինքն Յիսուս կու լան։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին գլխաւոր նիւթը։

Յիսուս արտասուեց – ըսաւ Սրբազան Հայրը – մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Ղուկասի աւետարանէն ուր կը պատմուի թէ ինչպէս Յիսուս մօտենալով Երուսաղէմի տեսաւ Քաղաքը եւ արտասուեց ըսելով. ''Եթէ դուն, գոնէ այս օրերուս, հասկցած ըլլայիր խաղաղութեան պատգամը, որ այլեւս թաքնուած է քու աչքերուդ առջեւ''։

Յիսուս` ըսաւ Սրբազան Հայրը. այսօր եւս կու լայ։ Որովհետեւ մենք ընտրեցինք պատերազմներու ճամբան, ատելութեան եւ թշնամութեան ճամբան։ Կը մօտենանք Սուրբ Ծնունդին, լոյսեր, տօներ, տօնածառեր եւ մսուրներ պիտի տեսնենք....բոլորը կեղծ` որովհետեւ աշխարհը կը շարունակէ պատերազմիլ։ Աշխարհը չի հասկցաւ խաղաղութեան ճանապարհը։

Ֆրանչիսկոս Պապին զգացումները կը համապատասխանեն այս օրերուն աշխարհի զգացումներուն։ Սրբազան Հայրը կը վերյիշէ համաշխարհային Բ պատերազմի ոգեկոչման արարողութիւնները, Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ադոմական ռումբերը ու վերջերս Ռետիփուլիա կատարած իր ճամբորդութիւնը հաստատելով թէ այս բոլորը ''անիմաստ կոտորածներ'' են։ Ամենուրէք պատերազմ կայ, ոխակալութիւն կայ, նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հարց տալով ''Ի՞նչ կը մնայ պատերազմէ մը ետք։ Ի՞նչ կը մնայ։ Միմիայն կործանում, հազարաւոր մանուկներ առանց դաստիարակութեան ու բազմաթիւ անմեղ մեռեալներ...ապա մեծ գումարներ զէնքի վաճառողներու գրպաններուն մէջ։ Անգամ մը Յիսուս ըսաւ կարելի չէ ծառայել երկու Տէրերու` կամ Աստուած, կամ հարստութիւնը եւ պատերազմը հարստութեան ընտրութիւնն է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով Յիսուս մէկ վատ խօսին ''անիծեալներ''։

Յիսուս ըսած է` ''երանի խաղարարներուն''­, իսկ անոնք որոնք կը գործեն պատերազմի համար եւ պատերազմներ կը մշակեն անիծեալ են, յանցագործեր են - ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ 

''երբ այսօրուայ նման աշխարհը պատերազմի մէջ է` համաշխարհային մաս մաս պատերազմ մը­, ոչ մէկ արդարացում կարելի է'' շեշտելով դարձեալ թէ ի տես այս իրողութեան Աստուած կու լայ։ Յիսուս կու լայ։ Եւ մինչ զէնքի վաճառողները իրենց գործը կը կատարեն անոնց դիմաց կան աղքատ խաղարարները որոնք կեանք մը փրկելու համար կամ օգնութեան հասնելու համար ուրիշին, իրենց կեանքը կը զոհեն։ Այսպէս ինչպէս ըրաւ մեզի ժամանակակից յատկանշական մէկ անձնաւորութիւն մը ''Քալքութայի Մայր Թերզեան''։

Մենք եւս խնդրենք արտասուքի պարգեւը այս աշխարհին համար որ չի ճանչնար խաղաղութեան ուղին, որ կ՛ապրի պատերազմի համար...խնդրենք սրտի ապաշխարութիւնը` Ողորմութեան Յոբելեանի դուռի սեմին, որպէսզի մեր այս յոբելեանը ու մեր ուրախութիւնը դառնան շնորհք` որպէսզի աշխարհը վերագտնէ կարողութիւնը արտասուելու իր ոճիրներուն համար եւ իր յառաջ տարած պատերազմներուն համար'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզին աւարտին ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.