2015-11-18 10:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ''Մանուկներու իրաւունքի համաշխարհային օրուան'' առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ վերյիշեց յառաջիկայ 21 նոյեմբերն ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած ''մանուկներու իրաւունքի համաշխարհային օրը'' ու հաստատեց թէ բոլորին պարտականութիւնն է պաշտպանել մանուկները ու որեւէ այլ չափանիշէ առաջ նկատի առնել անոնց բարիքը` որպէսզի երբեք չենթարկուին որեւէ ձեւի ստրկութեան եւ չարաշահումի։

Մաղթանք կը յայտնեմ որ միջազգային հասարակութիւնը կարենայ ուշադրութեամբ հսկել մանուկներու կեանքի պայմաններուն վրայ, յատկապէս այնտեղ ուր անոնք ենթարկուած են զինուորական խումբերու կողմէ զինուորագրումի - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա յոյս յայտնեց որ միջազգային հասարակութիւնը կարենայ նեցուկ կանգնի ընտանիքներուն` որպէսզի ամէն մէկ մանուկին ապահովուի դպրոց յաճախելու եւ դաստիարակութեան իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.