2015-11-18 13:57:00

Փարիզի մէջ յատուկ գործողութիւնը աւարտած է. կայ 7 ձերբակալուած, ինչպէս նաեւ՝ զոհեր


Փարիզի Սեն Տենի արուարձանին մէջ ոստիկանական յատուկ գործողութիւնը աւարտած է, ոստիկանները շրջանի անվտանգութեան ապահովման ուղղուած քայլեր կ՛իրականացնեն:

Ըստ Tert.am-ի՝ ֆրանսական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այն շէնքին, ուր արգելափակուած էին ահաբեկիչները, եւ յարակից փողոցներուն մէջ հակաահաբեկչական եւ յատուկ նշանակութեան ջոկատները արդէն իրենց տեղը կը զիջին քննիչներուն եւ դատական փորձագէտներուն, որոնք կը սկսին ուսումնասիրելու շէնքին մէջ առկայ ապացոյցները:

Չորեքշաբթի առաւօտեան ոստիկանական յատուկ ուժերը գործողութիւն ձեռնարկած էին Փարիզի Սեն Տենի արուարձանին մէջ, ուր բնակարաններէն մէկու մէջ թաքնուած էր Նոյեմբեր 13-ի ահաբեկչութիւններու շարքին ներգրաւուած ենթադրեալ ահաբեկիչներու խումբը: Լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններով` գործողութեան թիրախներէն մէկը այդ յարձակումներու կազմակերպման համար կասկածուող Ապտելհամիտ Ապաուտը եղած է:

Ոստիկանական աղբիւրները պատմած են BFMTV-ին, որ ոստիկանութիւնը «քանի մը օր առաջ» հսկողութեան տակ առած էր կին մը, որ անոնց կասկածներով հաւանաբար ապաստան տրամադրած է Ապտելհամիտ Ապաուտին: Դեռ յայտնի չէ, թե արդեօք այդ կինը իրեն պայթեցուցած մահապարտ ահաբեկի՞չը եղած է:

Նախնական տուեալներով` ձերբակալուած է 7 կասկածեալ, 3 ահաբեկիչ սպաննուած է: Գործողութեան ընթացքին վիրաւորուած է 5 ոստիկան:








All the contents on this site are copyrighted ©.