2015-11-18 09:29:00

Սինայի մէջ ջախջախուած Ռուսական օդանաւը ականահարուած է


Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին զեկուցեց, որ Սինայի մէջ ռուսական օդանաւի ջախջախման պատճառը ահաբեկչական գործողութիւնն է:

Ան նշեց, որ ջախջախուած օդանաւի բեկորներուն վրայ յայտնաբերուած են օտարերկրեայ արտադրութեան պայթուցիկ նիւթեր: Ականի զօրութիւնը կը գնահատուի 1 քիլոկրամով:

Մոսկուա 50 միլիոն տոլար խոստացաւ ոեւէ մէկուն, որ մեղսակիցներուն մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ:

Փութին յայտարարեց, որ ռուսական օդանաւին դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան մեղսակիցները պիտի յայտնաբերուին եւ պատժուին:

«Ռուսիան առաջին անգամը չէ, որ կը բախի բարբարոսական ահաբեկչական յանցագործութիւններու, յաճախ առանց ներքին կամ արտաքին որեւէ տեսանելի պատճառի, ինչպէս եղաւ 2013-ի վերջաւորութեան Վոլկոկրատի կայարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պարագային: Մենք ոչ ոք ու ոչինչ պիտի մոռնանք», ըսաւ ան:

«Բոլոր անոնք, որոնք պիտի փորձեն օժանդակութիւն ցուցաբերել ահաբեկիչներուն, պէտք է գիտնան, որ ատոր հետեւանքներուն համար պատասխան պիտի տան», ընդգծած է Ռուսիոյ նախագահը:

Փութին յանձնարարած է Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութիւններուն` ուշադրութիւն կեդրոնացնել Եգիպտոսի մէջ ռուսական օդանաւին դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան մեղսակիցները յայտնաբերելու վրայ:

«Ռուսիան պիտի դիմէ օտարերկրեայ գործընկերներուն եւ պիտի խնդրէ օգնել Եգիպտոսի մէջ «Ա321»-ի ջախջախման մեղաւորները գտնելու հարցին մէջ», յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը:

Փութին զգուշացուց բոլորը, որոնք կը փորձեն ահաբեկիչներուն օժանդակել` նշելով, որ անոնք պիտի կրեն իրենց արարքին ամբողջական պատասխանատուութիւնը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Շարմ Շէյխի օդակայանին մէջ ձերբակալուած են ռուսական օդանաւի ականահարման մեղսակցութեամբ կասկածեալ երկու պաշտօնեաներ: Սակայն Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց լուրը:

Ամերիկեան վարչակազմի մէկ ներկայացուցիչը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ մեծ թիւով հարուածներ հասցուցած է ՏԱՀԵՇ-ին` Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող մարտանաւերէ արձակելով թեւաւոր հրթիռներ եւ հեռահաս ռումբեր:

Գործակալութեան աղբիւրը աւելցուցած է, որ Մոսկուան նախօրօք հարուածներէն տեղեակ պահած էր Ուաշինկթընը` հիմնուելով Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ թռիչքներու անվտանգութեան մասին գործող համաձայնագիրի վրայ:

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Ռուսիա 16 նոյեմբերի գիշերը Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող մարտանաւերէ արձակուած թեւաւոր հրթիռներով հարուածած է ՏԱՀԵՇ-ի մայրաքաղաք նկատուող Ռաքքան:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու հաստատեց լուրը` աւելցնելով, որ Ռուսիա հեռահաս 25 ռմբաձիգներ ուղարկած է մասնակցելու համար Սուրիոյ ռմբակոծումներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.