2015-11-18 09:36:00

Գերմանացի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Նոյեմբեր 16-19 Գերմանիոյ եպիսկոպոսները իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կը կատարեն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին եւ այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին կը հանդիպին հինգշաբթի 19 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան։

Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութիւնը ունի 357,168 քմ քառակուսի տարածք եւ 80 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ են եւ 29,5 առ հարիւրը կաթողիկէ։

Գերմանիոյ կաթողիկէ եկեղեցին ունի 7 եկեղեցական գաւառ եւ 27 թեմեր ու մէկ զինուորական մատրանապետութիւն, որոնց աւելցնելու ենք Յոյն Կաթողիկէ առաքելական էկզարկութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.