2015-11-17 09:55:00

Քսաններու խմբակը կոչ կ՛ուղղէ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման աղբիւրները «ցամքեցնելու»


Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ գումարուած Քսաններու խմբակի երկօրեայ վեհաժողովին աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը շեշտեց ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման «ցամքեցումը» եւ ահաբեկչութիւնը կրօնի մը, ցեղի մը կամ ազգի մը չառնչելու կարեւորութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներուն ղեկավարները վճռակամ են ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր ներկայացուցած վտանգին դէմ դնելու:

Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ ահաբեկչական արարքները կը խաթարեն միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր երկրին մէջ գումարուած վեհաժողովի աւարտին յայտարարեց. «Պաշշար Ասատ Սուրիոյ ապագային մէջ տեղ չունի»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց. «Ահաբեկչութիւնը կը ֆինանսաւորեն 40 երկիրներ, որոնց շարքին` Քսաններու խմբակի վեհաժողովին մասնակից երկիրներ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.