2015-11-16 14:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը ''Զգուշ ըլլալ աշխարհիկութենէն որուն արմատները թունաւոր են''


(Ռատիօ Վատիկան)Երկուշաբթի, 16 նոյեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանկա Մաթթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումը, յորդորեց աճուրդի մէջ չի դնել քրիստոնէական մեր ինքնութիւնը, երեք  բառերու բացատրութեամբ ։ Աշխարհիկութիւն, ուրացում, եւ հալածանք։

Աշխարհիկութիւն կը նշանակէ ընել՝ ինչ  որ աշխարհը կ՝ընէ,  եւ իւրաքանչիւր մարդ կը թողու  իր աւանդական սովորութիւնները՝  համակերպելու համար աշխարհին։

Աշխարհիկութիւնը կ՝առաջնորդէ դէպի ուրացում, ուր՝ գոյութիւն  չունին խոստումներ եւ արտօնուած չէ զանազանութիւնը  եւ ամէնքը հաւասար են։

Աշխարհիկութիւնը  կամաց կամաց մուտք կը գործէ, ինքզինք կ՝արդարացնէ, եւ  անոր արմատը կ՝աճի՝  վարակիչ դառնալով ըսաւ Ֆրանչսիկսո Պապ իր քարոզին մէջ

յորդորելով զգուշ ըլլալ թունաւոր արմատներէն, որոնք մեզ Տիրոջմէն կը հեռացնեն ապա հրաւիրեց աղօթել  Տիրոջմէ խնդրելով որ եկեղեցին պահպանէ աշխարհիկութեան որեւէ ձեւէն եւ ան ունենայ միշտ  Քրիստոսի կողմէ հաստատուած  ինքնութիւն մը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.