2015-11-16 13:45:00

Հռոմի մէջ ''Խաղաղութեան համար աղօթք Փարիզի զոհերու յիշատակին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 16  նոյեմբերի երեկոյեան 8-ին ` Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ եկեղեցւոյ մէջ, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը կազմակերպած է խաղաղութեան ի սպաս աղօթք` Փրարիզի զոհերու յիշատակին համար­, որուն կը մասնակցին բազմաթիւ անձնաւորութիւններ ի շառս որոնց Սուրբ աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Ֆրանսայի դեսպանը եւ Իտալիոյ սահմանադրութեան վերատեսութեան նախարար  Էլենա Պոքսի։

Երեկոյեան աղօթքի նշանաբանն է ''միացած ցաւին մէջ Եւրոպան կրկին բանանք յոյսին''։

Աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ զանազան կրօններու պատկան հաւատացեալներ, միասնաբար հաստատելու կրօններու արմատական անջատումը բռնութեան որեւէ արարքէն եւ աղօթելու Խաղաղութեան Աստուծոյն։

''Հարկաւոր է վերակենդանացնել մեր ցամաքամասն ու համայն աշխարհը յոյսին եւ ՈՉ ըսել անոր որ կ՛ուզէ քանդել համակեցութիւնը'' գրուած է Սանդ ԷՃիտիոյ հասարակութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր կը մատնանշուի թէ աղօթքի ընթացքին մոմեր պիտի վառուին յատկանշելու համար  այս պահուս Փարիզը պատող խաւարը գերազանցող ''խաղաղութեան լոյսը''  ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.