2015-11-15 09:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 14 նոյեմբերի թուիթը. Աղօթենք Փարիզի զոհերուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 14 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապ իր թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ դարձեալ ուզեց յայտնել իր խոր ցաւը Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչական գործողութիւններուն համար, ապա բոլոր հաւատացեալներէն խնդրեց որ իրեն միանան ու աղօթեն այդ արարքներու բոլոր զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար, աւելցնելով #PrayersforParis հաշթակը։

''Իմ խոր ցաւս կը յայտնեմ Փարիզի ահաբեկչական յարձակումներուն համար։ Իմ հետս աղօթեցէք զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր հրատարակած թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.