2015-11-14 12:26:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը Հռոմի Աւետարանական եկեղեցւոյ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 15 Նոյեմբեր 2015-ին,  ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Լիւթերական եկեղեցւոյ մասնակցելու յետմիջօրէին կիրակնօրեայ պաշտամունքին։

Եկեղեցւոյ հովիւ` Jens-Martin Kruse լուրը հաղորդելով ըսաւ  ''Հռոմի եպիսկոպոսը կ`ընդունինք նոյն ոգիով որ ընդունեցանք անոր նախորդները (Պենետիկտոս ԺԶը եւ ՅՊԲը)'', ընդգծելով ընդունելութեան պարզ ոճը որ կը յատկանշէ լիւտերական աւանդութիւնը։

Ս. Գրային օրուան ընթերցումը կը խօսի պատշաճօրէն վերջին դատաստանին մասին եւ կը զուգադիպի մեր այս օրերու իրավիճակին, վերակոչելով Յիսուսի սա խօսքը. ''ամէն անգամ, որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք իմ եղբայրներս են , զայն ինծի ըրիք''։  

Բացի տեղական հասարակութեան եւ թաղամասի երկու ժողովրդապետներու ներկայութեան, ընդունելութեան կը մասնակցին նաեւ Իտալիոյ Լիւթերական եկեղեցւոյ երիցագոյնը` հովուապետ Heiner Bludau, անոր օգնականը` պատուելի Jakob Betz եւ Լիւթերական սիւնհոդոսի նախագահ պատուելի Christiane Gröben.

Նշենք թէ Հռոմի աւետարանական եկեղեցին ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ այցելած են Պենետիկտոս ԺԶ Պապը` 14 Մարտ 2010-ին եւ սուրբ ՅՊԲ Պապը` 11 Դեկտեմբեր 1983-ին, վերանորոգիչ Մարթին Լուտերի ծննդեան Ե. դարադարձին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.