2015-11-14 09:39:00

Պրազիլի մէջ Աստուծոյ ծառայ Ֆրանչիսկոս Տի Փաուլա Վիքթորի երանացման արարողութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Տիեզերական Կաթողիկէ եկեղեցին, շաբաթ 21 նոյեմբերին, Պրազիլի Քամփանա քաղաքին մէջ, երանելիներու շարքին կը դասէ Աստուծոյ ծառայ Ֆրանչիսկոս Տի Փաուլա Վիքթորը (1827-†1905),  Սուրբերու դատի ժողովի նախագահ , Կարդինալ Անճելօ Ամաթոյի մատուցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ։

Նորահռչակ Երանելին, եղած է Քամփանա թեմի՝ թեմական քահանայ որ իր քահանայական ծառայութեան  երկար տարիներուն ընթացքին, տառապած է սեւամորթ ըլլալուն եւ ստրուկ ընտանիքի պատկանելիութեան պատճառաւ։

Ան քաջութեամբ յարատեւած է քահանայական ծառայութեան մէջ, երբեք՝ յուսախաբութեան չի մատնուելով շնորհիւ իր թեմի եպսիկոպոսի զօրակցութեան։ 

Երանելի Վիքթոր, որպէս հոգեւոր հովիւ, երկար տարիներ ծառայած է  Três Pontas ժողովրդապետութեան մէջ դիմակայելով հաւատացեալներուն՝ իրեն հանդէպ ունեցած նախապաշարումները, Յիսուսի հանդէպ   ցուցաբերած անսահման գորովով։

Ընկերային  զանազան դասակարգի պատկանող երիտասարդներու համար հիմնած է վարժարան մը ։

Երանելին՝ 53  երկար տարիներ անդադար ծառայութիւն մատուցանելէ վերջ, 75 տարեկանին՝ 1907-ին, հրաժարեցաւ այս աշխարհէն։

Աստուծոյ ծառայ Հայր Վիքթորի երանացման դատը սկիզբ առած է իր ծառայած թեմին մէջ 1993-ին։ Ապա 10 մայիս 2012-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կողմէ հռչակուեցաւ Աստուծոյ Ծառայ։ Իսկ՝ 5 յունիս 2015-ին , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը , պաշտօնապէս ճանչցաւ՝ Երանելիին  բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշք մը ու զայն բարձրացուց խորաններու պատւոյն։ ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.