2015-11-14 08:56:00

''Յիսուսեաններու գաղթականներու սպասարկութիւն'' հաստատութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յիսուսեաններու գաղթականներու սպասարկութիւն'' հաստատութիւնը ունի միջազգային հանգամանք եւ կը գործէ աւելի քան 40 երկիրներուն մէջ։ Անոր առաքելութիւնն է ընկերանալ, ծառայել եւ պաշտպանել գաղթականներուն եւ տեղահաններուն իրաւունքները, Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ուսուցումի համաձայն։

Հաստատութիւնը իր ծառայութիւնը կը մատուցէ բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր կարիքը կայ հոգ տանիլ տեղահաններուն  անոնց մատուցելով մարդկային եւ հովուական խնամակալութիւն։

Հաստատութեան նպատակակէտը հարազատօրէն զօդուած է Յիսուսեան Միաբանութեան առաքելութեան, այն է հրահրել Աստուծոյ Արքայութեան արդարութիւնը այլ մշակոյթներու եւ կրօններու հետ երկխօսութեամբ։

''Յիսուսեաններու գաղթականներու սպասարկութիւն'' հաստատութիւնը հիմնուած է 1980-ին Յիսուսեաններու միաբանութեան երբեմնի ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Փետրօ Արրուփէի նախաձեռնութեամբ համապատասխանելու համար ժամանակներու գաղթականներու գործնական եւ հոգեւոր տառապանքին։

''Յիսուսեաններու գաղթականներու սպասարկութիւն'' հաստատութեան Իտալիոյ պաշտօնական աթոռը կը գտնուի ''Ասթալլի'' կեդրոնին մօտ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.