2015-11-14 14:42:00

Մեծ Եղեռնի 100 ամեակի շուքին տակ


Փրկուած Մանուկը

Ծնած էր Վանի գիւղերէն մէկուն մէջ 1909 թուականին։ Վեցամեայ երեխայ էր, երբ մարդկային պատմութեան մեծագոյն ոճիրներէն մէկը կը գործուէր։ Կը յիշէր՝ թէ ունէր եօթ եղբայրներ, առաւել՝ քոյրեր։ Սարսափը իր մտքին մէջէն ջնջած էր անոնց անունները, ջնջած էր իր տան եւ ընտանիքին յիշատակները։

Կը հասնի Մեծ Եղեռնը, մատղաշ երեխան, իր ընտանիքին հետ միասին, կը բռնէ տարագրութեան ճամբան։ Ուրիշ բիւրաւորներու հետ կը քշուին անապատները։ Չարդարարները կը սպաննեն անոր ծնողքը, ոճիրին զոհ կը դառնան նաեւ անոր եղբայրներն ու քոյրերը։

Երեխան կը շարունակէ մահուան իր երթը անապատներուն մէջ։ Տարագրեալներու թիւը հետզհետէ կը նուազի։ Դիակներ կը սփռուին անապատներու մէջ, աւազի եւ քարերու վրայ, կը սպաննուին, սովն ու անապատի դաժան պայմանները կը սպառեն անոնց ոյժերը եւ անապատի ամայութիւնը կը դառնայ անոնց գերեզմանը։

Երեխան կը տառապի սովէն, կը հիւծի. մատղաշ սրունքները չեն կրնար տանիլ զինք, անքնութիւնը կը ճնշէ աչքերուն վրայ, ուժասպառ կը նուաղի կ’իյնայ գետին, մինչ մահապարտներու շարանը կը շարունակէ իր երթը դէպի մահ։

Պահ մը ետք, երեխային անօթութիւնը կը ցնցէ, կʼարթնցնէ զինք։ Կը փորձէ ուտելու բան մը գտնել։ Կը սողոսկի գետնի վրայ, եւ փոքրիկ ափերուն մէջ բուռ մը հող առնելով կը լեցնէ իր բերանը, որպէսզի լռեցնէ զինք տառապեցնող ստամոքսը։

Կարծես Աստուած ընտրած էր այդ երեխան, ըլլալու վկան՝ մարդկային դաժանութեան, անըմբռնելի չարութեան։ Գետնի վրայ թաւալող մանուկը կը գրաւէ անգլիացի վարորդի մը ուշադրութիւնը, որ իր բեռնատար կարքով կʼուղղուէր դէպի Պաղտատ։ Անգլիացին կանգ կʼառնէ, կը մօտենայ երեխային, տեսնելով որ անոր վրայ դեռ կեանք կայ, կը գթայ եւ կʼորոշէ փրկել զայն։ Հասնելով Պաղտատ՝ երեխան կը յանձնէ հայկական որբանոց։

Որբանոցի հոգեւորականը հարց կու տայ երեխային. «ի՞նչ է անունդ»։

«իմ ընտանիքս զիս Իսրօ կʼանուանէր» կը պատասխանէ երեխան։

Հոգեւորականը անոր կու տայ Իսրայէլ Դաւիթեան անունը, որ 1947 թուականէն վերջ արաբական երկիրներու մէջ գործող անհատի մը համար կրկին արհաւիրքի պիտի վերածուէր։ Ի՛նչ իմանար խեղճ հոգեւորականը, թէ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական իրադարձութիւնները ինչպիսի փոփոխութիւններ պիտի կատարէին այդ տարածաշրջանին վրայ։

Իսրայէլ, որբանոցին մէջ կը վերագտնէ իր ոյժերը։ Կը կազդուրուի, կʼաճի, եւ կը դառնայ առողջ ու գործունեայ երիտասարդ մը։

Կʼիջնէ կեանքի ասպարէզ, կը փոխադրուի Լիբանան։ Աստուած զայն եւ անոր սրբակեաց կինը՝ Հրանուշը, կʼօրհնէ երկու շնորհալի զաւակներով։ Կարծես իր փրկարարէն տպաւորուած՝ կը դառնայ բեռնատար կառքի վարորդ։

Տարւոյս Յունուարին մահացաւ Մեծ Եղեռնի վերջին վերապրողներէն մին՝ Իսրայէլ Դաւիթեան։ Մինչեւ իր վերջին շունչը, 106-ամեայ ծերունին իր հոգիին մէջ վառ ունէր արհաւիրքին յիշատակը։

Երբ կը կատարենք ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, կը յիշենք նաեւ վերապրողները, որոնց արհաւիրքն ու տառապանքը կը շարունակուէր մինչեւ իրենց կեանքին վերջը, որոնց սարսափի թողած վէրքերը եւ հետքերը կʼանցնէին նոյնիսկ իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն։

Կը կատարենք նաեւ յիշատակը ծանօթ եւ կամ անանուն փրկարարներուն, որոնք համարձակութիւնը եւ երբեմն հակառակ վտանգին՝ քաջութիւնն ունեցան փրկութեան հասնելու։

Իսրայէլ Դաւիթեանի հետ կը յիշենք նաեւ անոր փրկարար անգլիացին։ Թող Աստուած անոնց հոգիներուն հանգիստ շնորհէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.