2015-11-14 08:47:00

Ահաբեկչութիւնը կը հարուածէ Ֆրանսայի սիրտը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 13 նոյեմբեր 2015-ի ուշ երեկոյեան ահաբեկչական գործողութիւններու շարք մը հարուածեց Ֆրանսայի մայրաքաղաքը Փարիզը։ Ահաբեկչական գործողութիւնները տեղի ունեցան Փարիզի 7 շրջաններու մէջ ու պատճառեցին աւելի քան 128 զոհ եւ 250-է աւելի վիրաւորներ։ Իսկական կոտորած մը։

Տեղեկատուական տուեալներու համաձայն ահաբեկչական գործողութիւնները տեղի ունեցած են «Ֆրանսայի միջազգային մարզադաշտ»-ին շրջակայքը ուր տեղի կ՛ունենար Ֆրանսա-Գերմանիա ոտնագունդի խաղը ուր եւ ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի նախագահ` Հոլլանտը։ Ահաբեկիչներու թիրախ այլ վայր մը հանդիսացաւ նաեւ «Պաթաքլան» թատերասրահը։ Այս աննախընթաց արարքին ի տես Ֆրանսական իշխանութիւնները արտակարգ դրութիւն յայտարարեցին երկրի ամբողջ տարածաշրջանին մէջ ու յատկապէս Փարիզ։ Նախագահ Հոլլանտ փակել տուաւ Ֆրանսայի սահմանները ու Ֆրանսացիներէն խնդրեց մէկ սիրտ մէկ հոգիով դիմագրաւել այս կոտորածը։ Մինչ այդ ՏԱՀԵՇ իրեն վերագրեց ահաբեկչական գործողութիւնները հաստատելով թէ` Ֆրանսան ու Եւրոպան պիտի չմոռնան այդ օրը ինչպէս ամերիկացիները չեն մոռնար 11 սեպտեմբերը եւ թէ Փարիզէն ետք կարգը պիտի գայ Հռոմի եւ Ուաշինկթընի։








All the contents on this site are copyrighted ©.