2015-11-13 12:23:00

Քահանայապետական ընտանիքի խորհուրդի նախագահը Գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա կը մեկնի Սուրիա


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական ընտանիքի խորհուրդի նախագահ՝ Գերապայծառ Վինչեցիօ Փալիա, 14 եւ 15 նոյեմբերին, կը մեկնի Սուրիա, Դամասկոսի մէջ հանդիպելու համար  քրիստոնեայ ընտանիքներու հետ։

Սուրիա կեցութեան ժամանակ, կիրակի  15 նոյեմբերին, դամասկոսի Մելքիթներու տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին,  գերապայծառ Փալիա, հաւատացեալներուն  պիտի յանձնէ` Ֆրանչիսկոս Պապի, Ֆիլատելիֆիայի մէջ կատարուած համաշխարհային ընտանիքի օրուայ առթիւ , ընտանիքներու նուիրած  արաբեերէն լեզուով Սուրբ Ղուկասի Աւետարանը։

Քահանայապետական ընտանիքի խորհուրդի նախագահը, ապա ՝Սուրիացի ընտանիքներուն պիտի յանձնէ  նաեւ` Ֆիլատելֆիոյ մէջ կատարուած դրամահաւաքի գումարը, որ պիտի ծառայէ յառաջիկայ ցուրտ օրերուն, բնակարաններուն մէջ ապահովեցնելու ջերմութեան ծախսերը։

՝՝Սուրիոյ ընտանիքներու համար մեր հետ դրամ եւ Սուրբ Աւետարանը կը տանինք  որպէսզի անոնք դրամով կարենան իրենց մարմինը  ջերմացնեն, Իսկ Աւետարանի միջոցաւ իրենց սրտերը։ Այս երկուքը անհրաժեշտ են դիմակայելու համար ձմռան ցուրտ եղանակը, ինչպէս նաեւ մարդկային մտահոգիչ քաղաքականութիւնը՝։ ըսաւ Գերապայծառ Փալիա։

Յայտնենք, թէ Գերապայառը Փալիա, Սուրիա կեցութեան ընթաքին  պիտի հանդիպի նաեւ Դամասկոսի Մէջ Մելքիթներու Պատրիարք՝ գերերջանիկ Գրիգոր Գ Լահամմին հետ, ինչպէս նաեւ  դամասկոսի մէջ գտնուող այլ եպիսկոպոսներուն հետ։

Գերապայծառը ՝յատկապէս պիտի տեսակցի, պատերազմի թիրախ դարձած  խումբ մը  ընտանիքներուն հետ, պիտի այցելէ հիւանդանոցներ ու խնամակալական կեդրոններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.