2015-11-13 11:26:00

ՄԱԿ. Սուրբ Աթոռը կը դատապարտէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած հալածանքները։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿ-ի 70-րդ նիստի ընթացքին ունեցած մէկ ելոյթին մէջ Սուրբ Աթոռի ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտ` գերապայծառ Աուզա յայտնած է Սուրբ Աթոռի  մտահոգութիւնը մերձաւոր արեւելքի ողբալի իրավիճակին ի տես ուր քրիստոնեաները երկու հազար տարիէ ի վեր անքակտելի մաս կազմած են այդ հողամասերու։

Գերապայծառ Աուզա դատապարտած է ''քրիստոնեայ'' բնակչութեան թիւի  զգալի նուազումը բռնի հալածանքներու պատճառաւ եւ շրջանի աշխարհաքաղաքական իրողութեան ի տես։ ''Անոնք ստիպուած եղան թողուլ իրենց տուները ու դառնալ գաղթական եւ փախստական'' ըսած է գերապայծառ Աուզա իր ելոյթին մէջ ապա ակնարկած է Իսրայէլ – Պաղեստինեան հարցին որ կը մնայ առկախ եւ մտահոգութիւն յայտնած է ի տես յառաջացող բռնութիւններուն կոչ ուղղելով հաստատուն, մնայուն եւ արդար լուծումի յանգելու յատկապէս Երուսաղէմ քաղաքին համար որ է ''հոգեւոր ժառանգութիւն'' հրեաներու, քրիստոնեաներու եւ իսլամներու համար, բոլոր հաւատացեալներուն ապահովելով կրօնի եւ խղճի ազատութիւն։

Գերապայծառ Աուզա խօսած է  Նաեւ Սուրիական տագնապի մասին ու տագնապէն տառապող անմեղներուն օգնութիւն մատուցելու հարկաւորութեան մասին­,  այս առընչութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանին եւ Յորդանանին որոնք Թուրքիոյ եւ այլ եւրոպական երկիրներու հետ միասին հիւրընկալութիւն տուին բազմաթիւ գաղթականներուն։

ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտը ապա յոյս յայտնած է որ խաղաղութիւնը փոխարինէ բռնութեան ալիքը եւ պատերազմի անիմաստ եւ անարդիւնաւէտ տրամաբանութիւնը եւ մարդկայնական օժանդակութիւնը հասանելի դառնայ բոլոր գաղթականներուն եւ տեղահանուածներուն ապա երբեք չի հրաժարիլ խաղաղութեան անյագ փնտռտուքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.