2015-11-12 08:52:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը քահանայապետական կաճառներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի մէջ  կայացաւ  քահանայապետական  կաճառներուն տարեկան ժողովը գլխաւորութեամբ կարդինալ Ռավազիի` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին։

Այս 20-րդ նիստին ընթացքին ժողովականները խորացուցին քրիստոնեայ մարդաբանութիւնը ու կրօնական գիտութիւնները նիւթերը եւ միաժամանակ հռչակեցին քահանայապետական ակադեմիաներու մրցանակը շահողը։

''Ուրախ եմ որ 2015-ի նիստը կազմակերպած են Հռոմէական հնախօսութեան ու մարտիրոսութեան պաշտամունքի ակադեմիաները, ընտրելով որպէս բնաբան ''ուխտագնացութիւնը քրիստոնէութեան արշալոյսին'' մինչ կը պատրաստուինք սկիզբ տալու Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ յղած իր պատգամին մէջ ապա կ՛աւելցնէ ''Կեանքը ուխտագնացութիւն մըն է, մարդկային էակը ուղեւոր մըն է։ Հռոմի եւ այլ վայրերու ամէն մէկ ս. Դուռը ուխտագնացութիւն մըն է որ ամէն հաւատացեալ կանչուած է կատարել իրեն ներած ոյժերով։ Ասիկա խթան մըն է ապաշխարութեան ու դարձի։ Հաւատացեալը անցնելով ս. Դուռէն  թոյլ կու տայ ողջագուրուելու Աստուծոյ ողորմութենէն ու իր կարգին յանձն կ՝առնէ ողորմած ըլլալ ուրիշին հանդէպ''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա կը յայտնէ թէ ''Որպէս քաջալերանք ու նեցուկ բոլոր անոնց որոնք իրենց փնտռտուքով և ուսումնասիրութեամբ  կը սատարեն  պատմա-հնախուզական փնտռտուքին, հայող մարտիրոսներու պաշտամունքին, ուրախ եմ պարգեւատրել, յանուն քահանայապետական կաճառներուն,  հաւասարապէս` փորթուկալի Campo Arqueológico di Mértola ընկերակցութիւնը և տոքթ. Matteo Braconi։ Իսկ որպէս նշան քաջալերանքի  քահանայապետական մետալով կը պարգեւատրեմ տոքթ. Almudena Alba López` Արիոսի մասին պատմական հրատարակութեան համար''։

Յայտնենք թէ սոյն պատգամը կարդաց  կարդինալ Փարոլին՝ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը որ  ապա յանուն Սրբազան Պապին յանձնեց մրցանակները։








All the contents on this site are copyrighted ©.