2015-11-12 13:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Կուանէլլեան ընտանիքի անդամներուն


Հինգշաբթի, 12 նոյեմբերի կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ունկդրութիւն շնորհեց, ՝՝Կուանէլլեան Ընտանիքի՝՝ աւելի քան 5000 անդամներուն, որոնք Հռոմ քաղաք եկած են ուխատագնացութիւն կատարելու ։

Այս առթիւ, անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ՝

“Այսօր, կը նշուի Նախախնամութեան Աստուածամօր ծիսական տօնը, որ է ձեր պաշտպան Սրբուհին եւ Մայրը ձեր Ընտանիքին, ինչպէս շատ փափաքած է ձեր ընտանիքին հիմնադիրը՝ Սուրբ Լուիճի Կուանէլլան։”

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր պատգամը կեդրոնացուց երեք բացատրութիւններու շուրջ՝ “Վստահիլ”, “նայիլ” եւ “աճապարել”։Առաջին՝ “Վստահիլ”. Սուրբ Կուաննէլլան, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որպէս կեանքի կեդրոն ունեցաւ այն վստահութիւնը, թէ Աստուած ողորմած եւ նախախնամող է։ Կուաննէլլայի հաւատքի սիրտը եղաւ՝ գիտակցութիւնը, թէ սիրուած զաւակ մըն է, եւ որուն Հայրը խնամք կը տանի. հետեւաբար բոլորին եղբայրն է եւ կանչուած սոյն վստահութիւնը տարածելու ։ Աստուած Հայր է, շեշտեց Սրբազան Պապը, աւեցնելով՝ թէ Ան կարող չէ դադրիլ՝ մեզ սիրելէն։ Սուրբ Լուիճին քաջ հաւատաց Աստուծոյ այս շօշափելի նախախնամութեան, միչեւ այն աստիճան, որ  քաջութիւնը ունեցաւ գերազանցելու մարդկային խոհեմութեան սահմանները։ Սուրբ Լուիճիին համար , Աստուծոյ նախախնամութիւնը բանաստեղծութիւն չէր, այլ իրականութիւն։ Աստուած մեզ կը խնամէ եւ կ՝ուզէ որ Իրեն վստահինք։

Երկրորդ՝ “նայիլ” բայը։ Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ անոնք, որոնք կ՝ապրին որպէս Աստուծոյ զաւակներ, Արարիչը անոնց մէջ կը յարուցանէ ստեղծագործութեան հոգին։ Հետեւաբար, Աստուծոյ զաւակները կը սորվին աշխարհին նայիլ նոր աջքերով՝ որ առաւելապէս լուսաւորուած է յոյսով ու սիրով։

Հայր Կուանէլլան, կը յանձնարարէր նայիլ Յիսուսին, սկսեալ Քրիստոսի սրտէն, եւ կը հրաւիրէր ունենալ նոյնինքն Տիրոջ հայեացքը. հայեացք մը, որ սէր եւ յոյս կը սփռէ, եւ միեւնոյն ժամանակ կարող է զգալ կարեկցութեան իսկական իմաստը՝ տառապողներուն հանդէպ։

 

 

Վերջինը՝ “Աճապարել” բայը։ Սուրբ Լուիճին յաճախ կը սիրէր կրկնել, թէ աղքատները Հօր Աստուծոյ համար նախընտրեալ զաւակներ են,  եւ  այն անձը, որ կու տայ աղքատներուն, Աստուծոյ մատուցած կ՝ըլլայ։  Ինչպէս Հայրը զգայուն  է՝ տկար եւ փոքրիկ զաւակներուն հանդէպ, ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապը, այսպէս ալ մենք՝ չենք կրնար սպասել  դժուարութեան մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Սրբազան Պապը մէջբերում կատարեց Հայր Կուաննէլլայի խօսքին, որ միշտ կ’ըսէր՝ ՝՝թշուառութիւնը չի կրնար սպասել”։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց թէ չենք կրնար սպասել, օգնութիւն հայցող աղքատներուն աղերսին դիմաց, օրինակ բերելով՝ թէ ինչպէս Տիրամայրը փութաց Սրբուհի Եղիսաբեթին քով։ Ան յորդորեց, թէ մենք ալ մեր կարգին պէտք է ունկնդրենք Սուրբ Հոգիի հրաւէրին՝ անմիջապէս փութալու եւ հանդիպելու անոնց, որոնք մեր խնամքին եւ գուրգուրանքին կարօտ են։

Պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ Տօն Կուաննէլլայի ընտանիքի անդամներուն ըսաւ՝ “Ձեր ընտանիքը ծագեցաւ Աստուծոյ վստահութեան ընդմէջէն՝ Յիսուսի հայեացքին ներքեւ եւ Տիրամօր բազուկներէն։ Շնորհակալ եմ ձեր կատարած բարիքներուն համար, եւ կը քաջալերեմ ձեզ անխոնջ յարատեւելու։ Թող Աստուած օրհնէ ձեզ. կը խնդրեմ, որ աղօթէք ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.