2015-11-12 08:38:00

Սլովաքիայի եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը ս. Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 12 նոյեմբեր 2015-ին, Սլովաքիայի եպիսկոպոսները պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեցին Հռոմ իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու ս Պետրոսի յաջորդին։

Սլովաքիան` կեդրոնական Եւրոպայի պետութիւնն մըն է։ Անոր մայրաքաղաքն է Փրատիսլավիա։ Լեզուն սլովաքերէն։ Տարածքը 49.036 քմ քառակուսի։ Բնակչութեան թիւը 5.413.000, որուն ցեղային խումբերը կազմուած են 85.8 առ հարիւրով Սլովաք ցեղէն, 9.7 առ հարիւրով հունգարացիներէն, 1.7 առ հարիւրով Ռոմ ցեղէն եւ այլ փոքրամաս ցեղային խումբերէ։  Երկրին բնակչութեան 73 առ հարիւրը կաթողիկէ են, 10.8 առ հարիւրը բողոքական եւ 13 առ հարիւրը ինքզինք կը համարէ անաստուած։

Երկիրը իր անկախութիւնը ձեռք բերաւ 1993-ի յունուար մէկին, բաժնուելով նախկին Չեքոսլովաքիան կազմող պետութենէն։

Սլովաքիայի եկեղեցին կազմուած է երկու աւագ թէմերէ, վեց այլ թեմերէ. Յոյն կաթողիկէ անառաջնորդութենէ եւ երկու ենաթաթեմերէ ու զինուորական մէկ մատրանապետութենէ։

Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հաստատուած է 1993-ին ու անոր սահմանադրական կանոնագրութիւնը Սուրբ Աթոռի կողմէ վաւերացուած է  2000 թուականին։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահն է գերապայծառ Սթանիզլաւ Սվոլէնսքին։

Սլովաքիայի քրիստոնէութեան առաջին առաքեալները հանդիսացան Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրները` 9-րդ դարուն։ Երկրին մէջ առաջին թեմը հաստատուեցաւ 880 թուականին Յովհաննէս Ը քահանայապետի օրով։

Սլովաքիայի եկեղեցին, բազմաթիւ հալածանքներ կռեց համայնավարութեան վարչակարգի ընթացքին։ Սլովաքիոյ եկեղեցւոյ այսօրուան մարտահրաւէրներուն մաս կը կազմէ երկրին ընկերային կեանքի մէջ եկեղեցւոյ խաղացած կարեւոր դերը դաստիարակչական եւ առողջապահական մարզերէն ներս ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ի սպաս կարիքաւորներուն։ Սլովաքիայի եկեղեցւոյ առաջնահերթ մտահոգութիւններէն են ընտանիքը եւ երիտասարդները։








All the contents on this site are copyrighted ©.