2015-11-12 08:34:00

Ռուսական միջամտութենէն ետք իրենց տուները վերադարձած են աւելի քան 1 միլիոն սուրիացիներ


«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսէյ Մեշքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ օդուժի Սուրիոյ մէջ գործողութեան սկսելէն ի վեր ներքին տեղահանուածները զանգուածաբար սկսած են վերադառնալ իրենց տուները:

«Ռուսիոյ գործողութեան սկսելէն ետք, ՄԱԿ¬ի կառոյցներուն գնահատումով` Սուրիոյ մէջ աւելի քան մէկ միլիոն բնակիչներ վերադարձած են իրենց տուները», ըսած է ան երէկ` Մոսկուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը աւելցուցած է, որ ներկայիս Եւրոպական Միութիւն հասնող տեղահանուածներու շարքին սուրիացիները մեծամասնութիւն չեն կազմեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.