2015-11-12 09:22:00

''Հալէպի մէջ միմիայն աղքատներ մնացին'' ըսաւ գերապայծառ Շահտա։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիա – Հալէպի մէջ միմիայն աղքատներ մնացին ու մեր տրամադրութեան տակ սահմանափակ ինչքերը բաւարար չեն գոհացնելու մեր հաւատացեալներուն կարիքները, յայտնած է Հալէպի Ասորի կաթողիկէներու առաջնորդ ՝ գերապայծառ Տէնիս Անթուան Շահտա, նկարագրելով ողբերգական իրավիճակը որուն մէջ կը գտնուին ու կ՛ապրին այսօր քրիստոնեաները։

Բազմաթիւ ընտանիքներ կորսնցուցին իրենց ինչքերն ու տունը ու Եկեղեցին կը փորձէ բոլորին օգնութեան հասնիլ։ Հալէպ մնացող քրիստոնեաները աղքատ են։ Ռմբակոծումները չեն խնայած եկեղեցիները։ Հալէպ քաղաքը պաշտպանուած է բանակէն, ծայրայեղ մահմետականները մինչեւ օրս չեն կրցած քաղաքը ներթափանցել, սակայն իրավիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ, յատնած է միշտ գերապայծառ Շահտա մաղթանք յայտնելով որ վերջ դրուի անմեղ քաղաքացիներուն այս տառապանքին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.