2015-11-12 09:04:00

Կարդինալ Փարոլին. Եկեղեցւոյ դէմ ''հիստերիկ'' յարձակում։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղար`Կարդինալ Փարոլին մամլոյ հետ ունեցած մէկ ելոյթին մէջ խօսեցաւ Եկեղեցւոյ դէմ կատարուած յարձակումին ու ֆրանչիսկոս Պապի ֆիրենցէ կատարած այցելութեան մասին։

Արտայայտուելով Վատիկանի դէմ հրապարակուած երկու հատորներու մասին, որ կերպով մը ցնցած են հաւատացեալներու զգացումները, կարդինալ Փարոլին ըսաւ. այդ յարձակումները լոկ զրպարտութիւններ են, գրուած եկեղեցւոյ դէմ մամուլի միջոցաւ։ Այդ յարձակումները տրամաբանական չեն ու շատ անգամ զգացական են։ Սակայն անոնք կարող են բարեբեր դառնալ եթէ կարողանանք զանոնք ընդունիլ աւետարանական ու ապաշխարութեան ոգիով։ Ամէնքս կարիքը ունինք դարձի ու զղջումի - ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ու մատնանշեց թէ Նորին Սրբութիւնը կիրակի օրը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին ընթացքին յայտնեց թէ եկեղեցւոյ բարեփոխումներու աշխատանքը պիտի շարունակուի։ Ինչպէս միշտ, յայտնեց Կարդինալ Փարոլին, կան անհատներ որոնք կը դիմադրեն փոփոխութիւններուն։

Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը անդրադառնալով ապա Սրբազան Պապին ֆիրենցէ կատարած այցելութեան ու այնտեղ արտասանած խօսքերուն ըսաւ. ''Քահանայապետին աղօթքը եղաւ. Թող Աստուած փրկէ Եկեղեցին իշխանութեան ու հարստութեան ձգտումներէն։ Այս խօսքերը գրուած են Աւետարանին մէջ. Յիսուս հրաւիրեց ընտրել կամ Աստուած և կամ մամոնան։ Հարկաւոր  է ընտրել Տէրը  առանց հրապուրուելու դրամէն եւ այլ իրականութիւններէն։ Եկեղեցին միշտ սորվեցուցած է աշխարհի բարիքները տրամադրել ճշմարիտ արժէքներու ի սպաս։  

Յայտնենք թէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութեամբ երկու իտալացի լրագրողներ` Ճանլուիճի Նուցցի եւ Էմիլիանօ Ֆիթթիփալտի որոնք Վատիկանեան անիրաւ օրէն գողցուած փաստաթուղթերու հիման վրայ երկու գիրքեր հրատարակեցին­, հետաքննութեան ենթարկուած են Վատիկանեան քննիչ ու դատական իշխանութեան կողմէ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.