2015-11-11 09:24:00

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութեան հրատապ կոչը Սուրիոյ քրիստոնեաներու օգնութեան ի նպաստ։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Հազարաւոր  քրիստոնեաներ վտանգի մէջ են եւ այդ պատճառաւ անոնցմէ շատերը փախուստի ճամբան առած են փրկելու իրենց ընտանիքները'' այս է ողբերգական կոչը Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմնին, որ արձագանգ կը հանդիսանայ Սուրիոյ Սատատ գիւղաքաղաքի Ասորի օրթոտոքս առաջնորդին՝ գերապայծառ  Սելուանոս Պութրոս Ալնեհմէ արքեպիսկոպոսին, որուն հաւատացեալները ենթակայ են ՏԱՀԵՇԻ զինեալ յարձակումներուն, մինչ քովի Մահին գիւղը արդէն անցած է ծայրայեղական խմբաւորումի հսկողութեան տակ։

Արքեպիսկոպոսը ահազանգը տալով կը յիշեցնէ թէ ինչպէս 2013-ին ՏԱՀԷՇԻ զինեալները առեւանգեցին 45 քրիստոնեաներ ապա սպաննեցնին ու  հասարակաց փոսի մը մէջ նետեցին։

Ծայրայեղ մահմետականները կը շարունակեն քանդել եկեղեցիներ ու քրիստոնեայ տուներ։

Նշենք որ եթէ Սատատ գիւղաքաղաքը ծայրայեղ մահմետականներու ձեռքը իյնայ քրիստոնեայ Սուրիոյ մշակոյթի ու ժառանգութեան մեծ մասը պիտի կորսուի եւ այս պատճառաւ տառապող եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմինը միջազգային հասարակութեան կոչ կ՝ուղղէ վերջ տալու Սուրիոյ զինեալ ընդհարումին ու պաշտպանելու քրիստոնեայ հասարակութիւնը, յիշեցնելով որ 100 տարի առաջ 1915-ին արդէն հայ եւ ասորի քրիստոնեաները ցեղասպանութիւն մը կրեցին։  21-րդ դարուն կարիքը չունինք այլ ցեղասպանութեան մը կը գրէ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութիւնը ի ուղղած հրատապ կոչին մէջ։

Յիշեցնենք որ տառապող եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմինը Սուրիոյ զինեալ ընդհարումներու ընթացքին մինչեւ օրս տրամադրած է աւելի քան 8 միլիոն եւ 600 հազար եւրոյ` մարդկայնական  ու հովուական օգնութիւններու համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.