2015-11-11 09:46:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Կարգ ու կանոնի կարեւորութիւնը


Կարգ ու կանոնի հասկացողութիւնը քաղաքակիրթ աշխարհի ամէնէն կարեւոր երեւոյթն է: Հասարակական կամ ընկերային կեանքի առաջին պայմանները կը սկսին կարգ ու կանոնի ըմբռնումէն: Հոն, ուր կարգ կանոն չկայ, հաւաքական թէ անհատական մարդկային կեանքը կը դառնայ ՜՜քաոս՝՝ ուրկէ խոյս կ՛ուզեն տալ անոնք, որոնք արժանապատիւ կեանքով ապրելու երազը ունին իրենց սիրտին մէջ:
Ընկերաբանութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անցեալ դարերու ընթացքին, ինչքան ալ հաւասարութեան քարոզներ կարդացուած են մարդկութեան գլխուն, ինչքան ալ համայնավարական կարգեր հաստատուած են, դարձեալ մարդկային ընկերութեան կեանքէն խաւեր ու դասակարգեր անպակաս եղած են: Այդ դասակարգերը՝ պաշտօնապէս ընդունուած կամ անպաշտօն ըմբռնուած, սակայն բոլորն ալ գոյութիւն ունեցած են, եւ նոյնիսկ, որոշ չափով, այսօր ալ գոյութիւն ունի՛ն, ուզենք կամ չուզենք: Հարուստի ու աղքատի եւ մեծի ու փոքրի տարբերութենէն բացի, անպաշտօն ըմբռնուածներն են՝ գեղեցիկի ու տգեղի, ուսեալի եւ անուսի, քաղաքացիի եւ գիւղացիի, ինչպէս նաեւ նման կարգ մը բացայայտ տարբերութիւններ:
Երրորդ աշխարհեան երկիրներու ղեկավար տարրի ձեռքերուն մէջ տակաւին իբրեւ «զէնք» օգտագործուող երեւոյթ է կարգ կանոնի քմահաճ խախտումը: Անոնք ամէն իրաւունք իրենց վերապահելու մենաշնորհը ունին: Տկարը ճզմելու, անզօրը սպաննելու, անզէնը կալանաւորելու եւ նոյնիսկ գերի՛ն ստրկացնելու «քաջագործութիւնները», այս անձերուն մասնագիտութիւնները կը համարուին: Աշխարհը երբեմն ականատես կը դառնայ, թէ ինչպէս բռնատէրեր կը կորսնցնեն անձեռնմխելիութեան իրաւունքը, զոր առանց նախապայմաններու շահած կամ իրենց նախնիներէն ժառանգած ըլլալ կը խորհէին: Անձեռնմխելիութիւնը եւ անպատժելիութիւնը քաղաքակիրթ աշխարհի օրինագիրքէն դուրս կը մնան անկասկած, այլապէս մարդկային իրաւանց պաշտպան որեւէ քաղաքակիրթ երկիր կամ հաւաքականութիւն ամէնէն մեծ խախտումը կատարած կ՛ըլլայ: Ի՞նչ իմաստ ունի համաերկրացիներու եւ համաքաղաքացիներու միջեւ հաւասարութեան սկզբունք հռչակել, երբ երկրի որոշ խաւերուն համար օրէնք գոյութիւն չունի, կամ՝ որեւէ օրէնք ըստ կամս եւ ըստ հաճոյս փոփոխութեան կրնայ ենթարկուիլ ու օրէնքի դիմաց կանչուած մարդուն կացութեան կրնայ «յարմարցուիլ»… Այդ երկիրը կը դադրի այլեւս օրէնք ունեցող երկիր ըլլալէ ու կը դառնայ բռնատիրական համակարգ, որուն ստիպողաբար կ՛ենթարկուի մեծ զանգուածը, իսկ որոշ խաւ մը դուրս կը մնայ որեւէ օրէնքի ենթակայութենէն:
Ամէն մարդ Աստուծոյ աչքին հաւասար է: Այս կը սորվեցնէ կրօնքը, ու մանաւանդ քրիստոնէութիւնը, որ հին կրօններուն եւ երբեմն ապրող կրօններէ ոմանց կողմէ քարոզուող, նոյնիսկ սեռերու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները չէզոքացուցած է հիմնովին: Փրկութեան խնդիրին դիմաց ո՛չ արուի եւ էգի տարբերութիւն կը դնէ քրիստոնէութիւնը՝ եւ ո՛չ ալ՝ հրեայի եւ հեթանոսի: Մկրտութեամբ Աստուծոյ որդեգիր դառնալու շնորհքին արժանացած մարդուն համար, այլեւս մնացեալ տարբերութիւնները արժէք չեն ունենար (Հմմտ Գղ 3.27-29): Ուրեմն, Աստուծոյ աչքին սեւ ու սպիտակ, դեղին ու կարմիր, հարուստ ու աղքատ, գեր ու նիհար, տգեղ ու գեղեցիկ մարդիկ չկան, այլ համահաւասար հոգիներ միայն: Այս իմաստով յաճախ ըսուած է, թէ հոգեկան գեղեցկութիւն եւս գոյութիւն ունի, հակառակ անոր, որ հոգին աննիւթեղէն իրականութիւն է: Երբեմն արտաքնապէս շատ տգեղ ու տխեղծ մարդիկ, այնքա՜ն «գեղեցիկ» հոգի կ՛ունենան իրենց ներսիդին, որուն գեղեցկութիւնը կ՛արտացոլայ անոնց ծառայական կեանքի հայելիին ընդմէջէն…
Աստուած ի՛նք կը պահպանէ մարդկութեան միջեւ ՜՜հաւասարութիւնը՝՝, պարգեւելով՝ մէկուն խելք, միւսին՝ դրամ, երրորդին՝ ֆիզիքական գեղեցկութիւն, չորրորդին՝ հոգեկան բարձրութիւն եւ այլ շնորհքներ:

Ո՛չ ոք ինք իր անձը զրկեալ համարելու իրաւունք ունի, որովհետեւ արդարացի չի՛ կրնար ըլլալ իր այդ մտածումը, այլ՝ չափազանց հիւանդագին:
Անարդարութիւններու պարագային ոմանք բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն կը սկսին՝ «Քո՛ւ ալ կարգդ կու գայ», «Կարգը քեզի՛ ալ կը հասնի», «Դո՛ւն ալ կարգի կը մտնես» յարձակողական ու միաժամանակ իրենց իրաւազրկուած անձին համար մխիթարական խօսքեր ըսելու բարձրաձայն, իրենցմէ իրաւունք խլող մարդուն երեսին:
Մինչեւ հիմա բազմաթի՜ւ անգամներ կեանքը ներկայացուած է անիւի պատկերով, որ անընդհատ կը դառնայ: Այսինքն, այսօր եթէ քո՛ւ օրն է, վաղը իմս պիտի ըլլայ, միւս օրը՝ անորը:

Առիթները եւս նոյն իրավիճակը կը պարզեն: Չկայ մարդ, որ յանդգնի ըսել, թէ իրեն առիթ չէ՛ ներկայացած այս կեանքին մէջ յաջողելու: Յաջողելու բախտ իրեն ալ եղած է, սակայն ինք անտեղեակ եղած է: Ափսո՜ս…
Ալեհեր փորձառու բարեկամ մը այս մասին յաճախ կ՛ըսէր.
_ Մէ՛կ բան միայն կարգ չունի… մահը:
Մահը հերթ չի՛ ճանչնար: Անիկա շարքի մէջ կեցած բազմաթիւ մարդոցմէ կրնայ ոեւէ մէկը ընտրել, առանց նայելու թէ շարքին ամէնէն առջեւը ո՛վ կանգնած է: Իրենց մահուան սնարին մէջ կռնակի վրայ փռուած մարդիկ, որոնց սեւեռաբիբ աչքերուն մէջ մահէն բացի այլ պատկեր կարելի չ՛ըլլար տեսնել, երբ իմանան իրենց հարազատներէն երիտասարդի մը մահը, խոր ցաւով կը հառաչեն՝ ըսելով. «Կարգը իմս էր…»: Իրենց հաշուով, այո՛, սակայն միակ ա՛յս է, որ կեանքի մէջ հերթ չունի:
Գիտութիւնն ալ չի՛ կրնար հերթագրել մահուան կարաւանին ճամբորդները, ո՛չ ալ անոր գնացքին տոմսակները կրնայ համարակալել, ինչքան ալ «ճամբորդելու» պատրաստ անձեր գտնուին «կայարանին» մէջ:
Մահը կարգ չի՛ ճանչնար, ո՛չ ալ հանգամանք ու իշխանութիւն: Անիկա մեր չակնկալած պահուն, ամէն կարգ ու կանոն խախտելով, ամէն հերթ ու հերթականութիւն անտեսելով, յանկարծ մեզի կը հասնի… 








All the contents on this site are copyrighted ©.