2015-11-10 10:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հովուական այցելութիւնը Փրաթօ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի 10 Նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Իտալիոյ Փրաթօ քաղաք ուրկէ փոխադրուեցաւ Ֆիրենցէ մասնակցելու համար Իտալիոյ եկեղեցական ազգային Ե ժողովի աշխատանքներուն։

Սրբազան Քահանայապետը 10 նոյեմբերի առաւօտեան 7-ին, ինքնաթիռով մեկնեցաւ Վատիկանէն եւ ուղղուեցաւ  Փրաթոյի մարզադաշտը, ուր ժամանեց  8-ին ապա անմիջապէս ուղղուեցաւ Փրաթոյի Աթոռանիստ Եկեղեցի ուր հանդիպում ունեցաւ գործարարական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ, անոնց ուղղելով ճառ մը որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ''Որպէս ուխտաւոր եկած եմ այս քաղաքը որ հարուստ է պատմութեամբ եւ գեղեցկութեամբ եւ որ դարերու հոլովոյթին արժանացաւ 'Մարիամի Քաղաք'' անուանումին։ Դուք բախտաւոր էք որովհետեւ ապահով ձեռքերու մէջ կը գտնուինք, այն Մայրական ձեռքերուն որ կը պաշտպանեն։ Առանձնաշնորհեալ էք որովհետեւ ''Աստուածամօր Սուրբ Գօտին'' կը պահպանէք եւ այս օրհնութեան նշանը ձեր քաղաքին առիթ կ՝ընծայէ մի քանի խորհրդածութիւններու։ Առաջինը մեզ կը մղէ իսրայէլացի ժողովուրդին ստանձնած  փրկութեան ճանապարհին, Եգիպտոսի ստրկութենէն մինչեւ աւետեաց երկիր։ Տէրը այս մէկը կատարելէ առաջ, Իսրայէլացի ժողովուրդէն խնդրեց որ Զատիկը տօնեն իրենց գօտին մէջքերնին կապած։ Այս կը նշանակէ ըլլալ պատրաստ, դուրս ելլելու եւ ճանապարհորդութիւն մը սկսելու։ Այսօր եւս Տէրը մեզի կը յորդորէ չի փակուիլ անտարբերութեան մէջ այլ բացուիլ ու պատրաստ ըլլալ ուրիշներուն՝ ընդառաջելու անոնց հետ կիսելով ուրախութիւնը Տիրոջ հանդիպելու։ Մեզմէ կը խնդրուի մօտիկ ըլլալ ժամանակակից մարդոց ու կիներուն։ Դուրս ելլել կը նշանակէ վտանգի ենթարկուիլ, սակայն չկայ առանց վտանգի հաւատք։ Հաւատք մը որ ինքնիր մէջ փակուած է, հաւատարիմ չէ Տիրոջ հրաւէրին, ըսաւ Սրբազան Հայրը, դիտել տալով թէ Տէրը իր Եկեղեցիէն կը խնդրէ քալել այսօրուայ խորտուբորտ ուղիներու վրայ, առաջնորդելով անոնք որոնք կորսնցուցած են ճանապարհը։

Յիսուսի աշակերտի մը համար ոչ մէկը կրնայ հեռու ըլլալ։ Չկան հեռու գտնուող անձինք այլ մերձաւորներ որոնց պէտք ենք ընդառաջել, հաստատեց Սրբազան ՀՔահանայապետը ու շնորհակալութիւն յայտնեց Փրաթոյի հասարակութեան անոր տածած հիւրընկալութեան աշխատանքին ու քաջալերեց զանոնք անվհատութեամբ յարատեւելու այս գործընթացին մէջ։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն, որ կը հրաւիրէ քրիստոնեաները զգեստաւորուելու Աստուծոյ զրահով պաշտպանուելու համար ''չար հոգիներէն'' ու այս Զրահին առաջին տեղը կայ ճշմարտութիւնը թէեւ դժուար է միշտ ընտրել զայն սակայն ան կը դառնայ կենսատու որոշում որ կը յատկանշէ ամէն մէկուն եւ ընկերութեան ապրելակերպը ըլլալու արդար եւ անկեղծ։

Ամէն մէկ մարդ արարածի սրբութիւնը կը պահանջէ յարգանք, հիւրընկալութիւն եւ պատուաւոր աշխատանք, ըսաւ Սրբազան Հայրը, հաստատելով նաեւ թէ ամէն մէկ հասարակութիւն պարտական է դիմագրաւել կաշառակերութեան քաղցկեղը եւ անօրինականութեան թոյնը։ Մի յոգնիք պայքարելէ ճշմարտութեան համար, ըսաւ Սրբազան Հայրը յատկապէս խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն. ապա ներկաները յանձնեց Տիրամօր հովանիին որ իր Մայրական խնամքով պահպանէ ու թիկունք կանգնի անոնց եւ քաջալերէ որ մեր վստահութիւնը դնենք Աստուծոյ վրայ, իր Որդւոյն որ երբեք պիտի չի դաւաճանէ մեր ակնկալիքները ու մեր սրտերուն մէջ պիտի սերմանէ յոյս մը որ հիասթափ չի թողուր։

 Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը, ինքնաթիռով, տեղափոխուեցաւ Ֆիրենցէ ուր ժամանեց 9,15-ին եւ ուղղուեցաւ Ֆիրենցէի ''Մկրտարան'' ուր հանդէպում ունեցաւ Իտալիոյ Եկեղեցական ազգային ժողովի  ներկայացուցիչներուն հետ Մկրտարանի կից գտնուող Սանթա Մարիա Տէլ Ֆիորէ – Ծաղիկի Տիրամօր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.