2015-11-10 13:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Ֆիրենցէի Աղքատներու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի սեղանատունը


(Ռատիօ Վատիկան) Աղքատներու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի սեղանատունը, 700 թուականին, եղած է Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աղօթատունը,  ապա 1949ին, վերածուած է աղքատներու համար սեղանատուն։

Անոր մատակարարումը  յանձնուած է երկու պաշտօնեաներու եւ հոն կը ծառայեն  50 կամաւորներ։

Աղքատներու սեղանատունը հովանաւորուած է  Ֆիրենցէի թեմի արքեպիսկոպոսարանի եւ քաղաքի քաղաքապետարանին կողմէ։

Սեղանատան   մէջ ամէն օր  կը բաշխուի 200 հոգիներու համար ճաշ եւ ընթրիք։  Սուրբ Ֆրանչիսկոսի սեղանատունը  Ֆիրենցէ քաղաքին մէջ համարուած է աղքատներուն համար միակ սեղանատունը, եւ յաճախուած է քաղաքի կարիքաւորներէն եւ  իտալացի ու օտար անօճախ թշուառներէն։

Ֆիրենցէ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս երեքշաբթի 10 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ուզեց անպայման այցելել աղքատներու սեպանատունը եւ անոնց հետ բաժնեկցիլ կէսօրուայ ճաշը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.