2015-11-10 08:39:00

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը բաղձանք կը յայտնէ միաւորելու Զատկուայ թուականը։


(Ռատիօ Վատիկան) Եկեղեցիներու միութեան ճանապարհներէն մին է Սուրբ Զատկուայ թուականին միաւորումը, այս ուղղութեամբ վերջերս Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած է Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նիստը, մասնակցութեամբ Ղպտի օրթոտոքս պատրիարք Թաուատրոս Բ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` վեհափառ Արամ Ա-ի, Յոյն օրթոտոքս երուսաղէմի պատրիարք ԹԷոֆիլոս Գ, Ասորի կաթողիկէ պատրիարք Ինքնատիոս Եուսէֆ Գ-ի։

Հանդիպումին աւարտին եկեղեցապետերը պատգամ մը հրատարակած են որուն մէջ  մատնանշած են բոլոր այն վէրքերուն որ կը խոցեն Միջին Արեւելքի բազմաթիւ տեղական քրիստոնեայ հասարակութիւնները, որոնք թիրախ են  զինեալ ընդհարումներու, հալածանքի, արեւանգումի, յաչս քաղաքական պատասխանատուներու անտարբերութեան։

Պատգամին մէջ  եկեղեցապետերը շտապ կոչ կ՝ուղղեն շարունակելու ու խորացնելու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը  սահմանելով այս երկխօսութիւնը անկիւնաքար համակեցութեան։ Եկեղեցապետերը ապա երախտագիտութիւն կը յայտնեն ֆտանչիսկոս Պապին ցուցաբերած հովուական հոգատարութեան հանդէպ Միջին Արեւելքի ու քրիստոնեաներու կրած տառապանքին նկատմամբ։ Անոնք ապա բաղձանք կը յայտնեն որ Սուրբ Զատկուայ տօնին թուականը միաւորուի միւս քրիստոնեայ եկեղեցիներու տօնախմբութեան թուականին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.