Նոյեմբեր 8-ին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի քաղաքին մէջ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանի բարձր հովանիի ներքոյ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Յիշատակի խաչքարի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը:
Ձեռնարկը իրականացուեցաւ Սիտնէյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ եւ Ուիլոուպի քաղաքային խորհուրդի համագործակցութեամբ:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Աւտրալիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Բարսեղ Վարդ Սուսանեան։
Յայտնենք որ 2015 թուականի Մայիսին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի քաղաքի քաղաքային խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած էր:
All the contents on this site are copyrighted ©. |