2015-11-10 08:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Հռոմի օգնական եպիսկոպոսի օծման արարողութեան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 9 նոյեմբեր 2015ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, ֆրանչիսկոս Պապը ս. Պատարագ մատուցեց Լատերանի ս. Յովհաննէս՝ Հռոմի թեմի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ,  որուն ընթացքին եպիսկոպոս օծեց գերապյածռա Տէ Տոնաթիսը։

Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը օրուան քարոզը արտասանեց որուն մէջ ըսաւ. ''Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Հօր Աստուծմէ աշխարհ ուղարկուեցաւ  մարդոց փրկութեան համար։ Յիսուս եւս 12 առաքեալները աշխարհը ուղարկեց Աւետարանը քարոզելու աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն որպէսզի հաւաքեն զանոնք միակ հովիւին շուրջ, սրբացնեն զանոնք ու առաջնորդեն դէպի փրկութիւնը։ Քրիստոսն է, որ եպիսկոպոսի միջոցաւ, կը քարոզէ փրկութեան Աւետարանը, կը սրբացնէ հաւատացեալները հաւատքի խորհուրդներու միջոցաւ եւ կ՝առաջնորդէ զանոնք դէպի յաւիտենական երջանկութիւնը։ Հետեւաբար երախտագիտութեան ոգիով ընդունինք մեր եղբայրը եպիսկոպոսութեան մէջ յիշելով Յիսուսի ուղղած խօսքը առաքեալներուն.''ով որ ձեզի լսէ, ինծի լսած կ՝ըլլայ, ով որ ձեզ արհամարհէ զիս արհամարհած կ՝ըլլայ եւ ով որ զիս արհամարհէ արհամարհած կ՝ըլլայ Ան որ զիս առաքեց''։

Իսկ դուն, սիրեցեալ եղբայր, Տիրոջմէն ընտրուած, յիշէ որ ընտրուեցար մարդոց համար։ Եպիսկոպոսը եղած է ծառայութեան եւ ոչ պատիւի համար։ Քարոզէ Աստուծոյ խօսքը, եղիր հաւատարիմ ու պահակը Քրիստոսի խորհուրդներուն, հետեւէ միշտ Բարի Հովիւի օրինակին, որ կը ճանչնայ իր ոչխարները ու անոնցմէ ճանչցուած է եւ անոնց սիրոյն համար չվարանեցաւ իր կեանքը զոհել։ Սիրէ հօր ու եղբօր սիրով բոլոր անոնք որ քեզի յանձնուեցան, սկսեալ քահանաներէն, սարկաւագներէ և քու անմիջական գործակիցներէդ։ Քաջալերէ հաւատացեալները մաս կազմելու առաքելական յանձնառումին ու յօժարակամ անոնց անսայ։

Հուսկ ֆրանչիսկոս Պապը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. ''Յիշէ որ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ սերտօրէն կապուած ես եպիսկոպոսական դասին, իւրացուր Եկեղեցւոյ հոգը, վեհանձնութեամբ օգնութեան հասիր կարօտեալներուն։ Սիրով հսկէ փարախին վրայ, որ Ս. Հոգին քեզի յանձնեց։ Դուն Յիսուսի անունով  կարգուած ես վարդապետ, քահանայ ու հովիւ եւ Ս. Հոգւոյ  անունով՝ որ կեանք կը պարգեւէ Եկեղեցւոյ, Ան նեցուկ կը կանգնի մեր տկարութիւններուն''

Նորին Սրբութիւն ապա նորօծ եպիսկոպոսին յորդորեց հակիրճ եւ իմաստալից քարոզներ կատարել ու ապա յանձնարարեց ըլլալ ողորմած, որովհետեւ Եկեղեցին ու աշխարհը կարիքն ունին ողորմածութեան եւ դուն սիրելի եղբայր ողորմածութիւնը սորվեցուր խօսքով բայց նաեւ գործերով։ Ահա այս է իմ քեզի ուղղուած պատգամս. Առատ ողորմածութիւն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.