2015-11-09 10:21:00

Վատիկան. Քահանայապետական ակադեմիաներու 20-րդ նիստը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 10 նոյեմբերին Վատիկանի Պիոս Ժ անուան Պալատին մէջ տեղի կ՝ունենայ քահանայապետական ակադեմիաներու 20-րդ նիստը` ''քրիստոնէութեան արշալոյսին ուխտաւորներու հետքեր՝՝ նիւթին մասին։ Նիստին ընթացքին Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը՝ կարդինալ Փարոլին  պիտի յանձնէ քահանայապետական ակադեմիաներու մրցանակը։

Յայտագիրը կը նախատեսէ Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Ռավազիի զեկոյցը (բացման խօսքը), ապա խօսք պիտի առնէ կարդինալ Փարոլին որ իր ելոյթի ընթացքին պիտի ընթեռնու ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը,  հուսկ տեղի կ՝ունենայ քահանայապետական ակադեմիաներու  պարգեւատրումի յանձնումը։

Քահանայապետական ակադեմիաներու 20-րդ նիստի ընթացքին նախատեսուած է նաեւ քրիստոնէական  հնախօսութեան քահանայապետական համալսարանի տնօրէն` Փրոֆեսոր Տանիլօ Մացցոլենիի` դասախօսութիւնը հետեւեալ նիւթին մասին. ''ուխտագնացութիւնը  քրիստոնէութեան արշալոյսին արձանագրութիւններուն մէջ, պատմութեան ու  հնախուզութեան միջեւ'', հանդիսութիւնը հուսկ կ՛եզրափակուի Հռոմի թեմի երգչախումբի երաժշտութեան կատարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.