2015-11-09 09:51:00

Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Անուանակոչութեան տօն Զմմառու վանքէն ներս


Զմմառեան Միաբանութեան ընծայարանի պաշտպան՝ Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետի այս տարուայ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ, ուր Սուրբ և անմահ Պատարագ մատուցանեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Լիբանանահայ բարձրաստիճան աւագանիի, քոյր եկեղեցիներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ: Սուրբ և անմահ Պատարագի ընթացքին՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սարկաւագ ձեռնադրեց Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սաներէն կիսասարկաւագ Ժան Տիգրան Ֆիլիպպոսը, խարտաւիլակութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ և Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Գերապայծառ՝ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեանի: Իր քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց նորօծ սարկաւագն ու ծնողքը, ապա զինք յորդորեց նմանիլ Ստեփանոս նախավկային: Հոգեւոր Տէրը շեշտը դրաւ հայ հոգեւորականութեան նօսրացման շուրջ, ըսելով. «Այսօր առաւել եւս կարիքն ունինք քեզ նման նուիրեալներու ըլլայ սփիւռքի տարածքին թէ հայրենիքի մէջ» Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը եզրափակեց. «Սուրբ Ստեփանոս թող ուղեկից ըլլայ քեզի ողջ կեանքիդ տեւողութեան»:
Հոգեպարար արարողութենէն ետք, վանքի դահլիճին մէջ, նորօծ սարկաւագն ու իր ծնողքը ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորանքները:
Այնուհետեւ դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթը՝ նուիրուած դպրեվանքի անուանակոչութեանն ու համանուն կրթօճախի նորակերտ շէնքի 50-ամեակին նուիրուած յուշամատեանի շնորհահանդէսին: Գեղարուեստական ամփոփ յայտագրի մը ընթացքին՝ հնչեցին Ե. Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» ու Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» բանաստեղծութիւնները: Տուտուքի վրայ «Երազ» եւ «Լուսնեակ Գիշեր» երգերը կատարեց նորընծայ Ռոպէր Թորանեանը: Ապա նորօծ սարկաւագը խօսք առնելով, ուխտեց պարծանք դառնալ զինք սնուցած Զմմառեան Միաբանութեան, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին. դրուատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան իր կոչման մէջ հաստատ մնալու:
Դպրեվանքի փոխ-տեսուչ Գերապատիւ՝ Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեանին վերապահուած էր յուշամատեանի ներկայացումը: Ան ամենայն մանրամասնութեամբ եւ խորազննին վերլուծութեամբ ներկայացուց իրեն վստահուած այդքան յանձնառու պարտականութիւնը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ժառանգաւորաց տեսուչ՝ Գերապատիւ Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեանը: Ան դպրեվանքի ընթացիկ տարուայ ձեռքբերումներուն շուրջ հպանցիկ ակնարկ մը նետելէ ետք, անդրադարձաւ Յուշամատեանին երկու տարիներու աշխատանքային գործընթացին եւ անոր ունենալիք անհրաժեշտութեան. ապա ցաւոտ շեշտով՝ լուսարձակի տակ առաւ կոչումներու սակաւութիւնը եւ կոչ ուղղեց հայկական բոլոր կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն, «աչքաթող չընել դպրեվանքը եւ հայթայթել ազգին ջահը վառ պահող նորընծաներ»: Ան շնորհաւորելով նորօծ սարկաւագն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով միջոցառման կազմակերպիչներուն՝ եզրափակեց խօսքը:
Խօսքի աւարտին, տեսուչ հայր սուրբը հրաւիրեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրն ու վանքի Մեծաւոր Հայրը միասնաբար կատարելու «50 Ամեակի Յուշամատեան»ի գինեձօնի արարողութիւնը: 
Այնուհետեւ Մեծաւոր Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց. Ան ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհաւորեց միաբան հայրերէն բոլոր անոնց որոնք կը կրեն հրեշտակապետերու անունները, շնորհաւորեց նորօծ ձեռնադրեալն եւ ծնողները, ապա տեսչութեան սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցելով՝ եզրափակեց խօսքը:
Հուսկ՝ Հայրապետական պատգամով հանդէս եկաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը: Ան անդրադարձաւ տարիներ առաջ Վատիկանի մէջ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին հետ իր հանդիպմանն ու զրոյցին մասին, որու առանցքը կազմած է հայ ժողովուրդի նկատմամբ Քահանայապետի տեսլականը. «Հայը թող մնայ քրիստոնեայ, որպէսզի իր համոզումին մէջ մնայ հայ»:
Հայրապետը փակեց իր խօսքը հաւատքի եւ հայրենեաց նկատմամբ անսասան մնալու յորդորով եւ աղօթքով: 








All the contents on this site are copyrighted ©.