2015-11-09 14:09:00

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Լեհաստանի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 09 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Լեհ հանրապետութեան նախագահ` Տիար  Անտրէյ Տուտային, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար գերապայծառ Անթուան Քամիլլերի։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտը դրուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Լեհական ընկերութեան տուած սատարի մասին, ի տես նաեւ Ֆրանչսիկոս Քահանայապետին Լեհաստան կատարելիք ճամբորդութեան` յառաջիկայ երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին առիթով։ Շօշափուեցան հուսկ երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր` հայող ընտանիքին, ընկերային խաւերու եւ կարօտեալներու թիկունք կանգնելու անհրաժեշտութեան ինչպէս նաեւ գաղթականներու հիւրընկալութեան։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային հասարակութեան հայող նիւթերու ինչպէս խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը, Ուկրանիոյ հակամարտութիւնը եւ Միջին Արեւելքի կացութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.