2015-11-07 13:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց 2015-ի խաղաղութեան Նոպէլեանի մրցանակակիրները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 7 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը կարդինալ Մարք Ուելլէ, որմէ ետք ընդունեց Հռոմի թեմի Քահանայապետի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին ապա` հրաժեշտի այցելութեան առթիւ,  Չինաստանի Հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպան Տիար Լարրի Եու Եուան Ուանկը։

Ժամը 11,45-ին, նախ քան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Իտալական ընկերային ապահովութեան ազգային հաստատութեան 23 հազար անդամներու ունկնդրութիւն շնորհելը` Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց 2015 տարուայ խաղաղութեան Նոպէլեանի մրցանակակիրներ Թունիսցի Մոհամմետ Ֆատհել Մահֆիուտ, Ապելսաթթար Պէն Մուսա, Ուիտատ Պուշամաուի եւ Հուշին Ապպասի, որոնք մաս կը կազմեն ''յանուն ազգային երկխօսութեան կոմիտէի'' քառեակին։ Կոմիտէն Նոպէլեան մրցանակին արժանացաւ Թունիսի մէջ 2011-ին տեղի ունեցող յեղափոխութիւնէն ետք անոր բազմազանութեան եւ երկխօսութեան ի սպաս տածած աշխատանքին համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.