2015-11-07 09:10:00

Վերջին 10 տարուան ընթացքին աւելի քան 700 լրագրողներ սպաննուած են։


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին տասնամեակին, աշխարհի մէջ սպաննուած է աւելի քան 700 լրագրող՝ հանրութեան լրատուութիւն ու տեղեկատուութիւն հասցնելու համար։ Նոյեմբեր 2ին նշուած էր լրագրողներու դէմ յանցագործութիւններու անպատժելիութիւնը վերացնելու միջազգային օրը, երբ վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կատարուեցաւ ՄԱԿին կողմէ։ Նոյին կազմակերպութեան կայքէջին վրայ գրուած է, որ լրագրողներու տասը սպանութիւններէն միայն մէկուն պարագային է, որ յանցագործութիւնը կը պատժուի։ Նմանօրինակ անպատժելիութիւն մը կը խորացնէ վախը հասարակութեան ու լրագրողներուն մօտ՝ սնուցանելով անպատժելիութեան նոր դէպքեր։
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն խօսեցաւ լրագրողներու սպանութեանց դէպքերու անպատժելիութեան դէմ պայքարելու եւ ազատ լրատուութիւն ապահովելու անհրաժեշտութեան մասին։ «Լրագրողները պէտք չէ ստիպուին ինքնագրաքննութիւն կատարելու՝ իրենց կեանքի ապահովութեան համար», ըսաւ Մուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.