2015-11-06 14:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Պուտափեշթի ժողովրդագրական հաւաքին։


(Ռատիօ Վատիկան) 5 – 7 նոյեմբերին, Պուտափեշտի մէջ գոյացող  Պուտաբեշթի ժողովրդագրական համագումարին ընթացքին  հինգշաբթի, 5 նոյեմբերին,  Գերապայծառ Վինչէնցիօ Փալիա`  Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, ընթերցեց Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ  յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբրազան Քահանայապետին ուղղած   պատգամը։

Պատգամին  մէջ Կարդինալ Փարոլին յայտնած է Նորին Սրբութեան խնդակցութիւնը ժողովի գումարման  համար ինչպէս  նաեւ  փոխանցած է Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնները, ժողովին իրենց մասնալցութիւնը բերող  կառավարական,քաղաքացիական եւ կրօնական իշխանութիւններուն։

Ապա անդրադառնալով  ժողովի կեդրոնական նիւթին՝ որ է   ընտանիքը եւ անոր էական դերակատարութիւնը՝ առողջ ու ճշգրիտ ընլերութեան մը կերտումինն ի նպաստ,  Կարդինալ Փարոլին յայտնած է Նորին Սրբութեան աղօթքի միջոցաւ  զօրակցութիւնը եւ անոր   քաջալերանքը ժողովի մասնակիցներուն,  որոնելու՝  շօշափելի միջոցներ ընտանեկան կեանքին աջակցելու համար ու յատկապէս նորապսակուած զոյգերու ի պաս։

Կարդինալ Փարոլին պատգամը  եզրափակած է բոլորին փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.