2015-11-06 13:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապի գործունէութիւնը՝՝Կեանքի ի սպաս՝՝ շարժումի անդամներուն հետ հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 6 նոյեմբերի, առաւօտեան ժամը 10.00-ին. Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ  ընդունեց Կրէնատայի ընդհանուր կառավարիչ Տիկին  Սեսիլ Լա Կրէնատը  ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը ապա յաջորդաբար ընդունեց Հաւատոյ ժողովի քարտուղար` գերապայծառ Լուիս Ֆրանսիսքօ Լատարիա Ֆերրերը` եւ Լեհաստանի մօտ առաքալական նուիրակ` գերապայծառ Չելեսթինօ Միլիիորէ։

Ժամը 12-ին, Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց  ''Կեանքի ի սպաս շարժումներու''  Հռոմի մէջ գումարած համաժողովին մասնակցող աւելի քան 500 անդամներուն։

 Այս առթիւ անոնց ուղղած ճառին սկիզբը, Ֆրանչիկսոս Պապ քաջալերեց ընկերակցութեան անդամները , յարատեւելու կեանքի ի նպաստ իրենց յանձնառումին մէջ՝ սաղմէն մինչեւ բնական մահ, նկատի ունենալով անթիւ եղբայրներու ու քոյրերու դիմագրաւելիք եւ յաճախակի կրելիք դժուարին պայմանները։

''Մարդկային կեանքը ըսաւ Սրբազան Հայրը պարգեւ մըն է, որ պէտք է պաշտպանուի անկումի ամէն տեսակ ձեւերէ'' ու պէտք ենք նկատի առնել, թէ բազմաթիւ մարդիկ կ՛ապրին թշուառ պայմաններու մէջ, որոնք կարիք ունին մեր զօրակցութեան եւ ուշադրութեան։ ։

՝՝Ձեր կատարածը, լոկ ընկերային սպասարկութիւն մը չէ  ըսաւ ապա Սրբազան հայրը ու աւելցուց ''Քրիստոսի աշակերտներուն համար, խոցուած մարդկային կեանքին օժանդակել կը նշանակէ  հանդիպիլ կարիքաւոր մարդոց, անոնց կողքին կանգնիլ,  եւ սեփականացնել անոնց վիշտերն  ու տկարութիւնները, որպէսզի անոնք իրենց կարգին  կարենան իրենք զիրենք գտնել եւ վերականգնել։ Քանի տարեցներ կ՛ապրին տառապանքի եւ առանձնութեան կշիռին տակ, քանի երիտասարադներ կորսուած են ու կը ձգտին վերագտնել կեանքի վստահութիւնը։ Անձեր որոնք վիրաւորուած են մարմնով եւ հոգիով ու կը նմանին աւետարանի այն մարդուն որ Երիքովի ճանապարհին վրայ թիրախ կը դառնայ  աւազակներուն, որոնք կը կողոպտեն զինք ու կիսամերկ կը թողուն։ Ան կը փորձարկէ մի քանիներուն անտարբերութիւնը ու ապա Բարի Սամարացիի մօտիկութիւնը (Ղուկաս 10, 30-37)։ ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ,՝՝ նաեւ մեր ապրած ներկայ ժամանակաշրջանին , սոյն կեանքի անապատէն անցնող ճամբուն վրայ կը գտնենք գողերու կողմէ կողոպտուած,  իրենց արժանապատուութիւնը կորսնցուած անթիւ վիրաւորներ, որոնց դիմաց ոմանք անտարբեր կը գտնուին  եւ այլուր կ՝երթան, մինչ՝ ուրիշներ, կանք կ՝առնեն եւ վեհանձնութեամբ, անձնուիրումով կը պատասխանեն տառապող եղբայրներուն աղերսին։

Դուք ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, քառասուն տարուայ գործունէութեան ընդմէջէն ջանացիք նմանիլ բարի սամարացիին. մարդու կեանքի  զանազան տեսակի սպառնալիքներուն դիմաց, դուք մօտիկ կանգնեցաք մերձաւորին եւ ջանք թափեցիք , որպէսզի  աղքատ պայմաններու մէջ ապրող՝ ոչ մէկ անձ  մեկուսացուի եւ դուրս թրուի ընկերութենէն։ Դուք անթիւ անձերու համար դարձաք յոյսի , եւ վերածնունդի առիթներ։

Իր ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերակցութեան կատարած բոլոր բարիքներուն համար, քաջալերելով զանոնք յոյսով ընթանալու բարի Սամարացիին  ուղիին վրայ, պաշտպանելով անպաշտպան անձերը ու բոլոր անոնք որոնք իրաւունք ունին աշխարհ գալու եւ անոնք որոնք արժանավայել կեանք կը պահանջեն։

Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց թէ հարկաւոր է աշխատիլ ի սպաս  ընկերութեան առաջին բջիջին որ է ընտանիքը ու անոր սրբութիւնը ու յատկապէս կինը որ է սիրոյ կեանքի եւ մայրութեան արտայայտութիւնը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեը, վստահ եմ որ ձեր հոգեւորութիւնը եւ ձեր գործունէութիւնը, Ողորմութեան Սուրբ Տարուան առթիւ, պիտի ընդունին նոր եռանդ ու այդ պիտի հանդիսանայ խանդաղատանքի եւ ներքին վերածնունդի առիթ դառնալու համար   ''Ողորմած այնպէս ինչպէս ողորմած է Հայրը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու ճառը եզրափակեց ներկաներուն շնորհելով առաքելական օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.