2015-11-06 08:31:00

Յոյն մելքիթներու Պատրիարքը կը խնդրէ քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միմիայն հաւատքը աւելի հզօր է բռնութենէն'' այս եղաւ Յոյն մելքիթներու պատրիարք՝ գերերջանիկ Գրիգոր Գ Լահամի կոչը մամուլին հետ ունեցած ելոյթի ընթացքին որուն մէջ յայտնեց նաեւ թէ ''Եւրոպան յաչս գաղթականութեան ալիքին ոչ միայն յանկարծակի եկաւ այլ եւ անպատրաստ է ընդունելու նման մարդկային հոսք մը''։

Պատրիարքի գնահատումով հարկաւոր է որ քրիստոնեաները ու մահմետականները իրարու միանան խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար։

Յայտնենք որ Լահհամ Պատրիարքը  Զուիցերիոյ Լուկանօ շրջանին մէջ բանախօսութիւն տուաւ որուն մէջ պարզեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ողբերգութիւնը։ Խօսքը ուղղելով եւրոպայի եպիսկոպոսներուն, Յոյն Մելքիթներու պատրիարքը կոչ ըրաւ եւրոպայի եպիսկոպոսներուն օգնութեան հասնելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ վերջ դնելու պատերազմին ապա թէ ոչ - ըսաւ Լահհամ Պատրիարքը -  բռնութիւնը ու ահաբեկչութիւնը կարող են կործանել Արեւելքն ու Արեւմուտքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.