2015-11-06 13:49:00

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Կրէնատայի Կառավարիչին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 6 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Կրէնատայի ընդհանուր Կառավարիչ Տիկին Սեսիլ Լա Կրէնատը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Կրէնատայի միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տուած կարեւոր սատարը`  երկրի բարգաւաճումի ծիրէն  ներս յատկապէս երիտասարդներուն` ընկերային եւ դաստիարակչական մարզերու մարտահրաւէրներուն ի տես։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Քարայիպեան տարածաշրջանի հարցերուն` յատկապէս հայող տնտեսութեան եւ  կլիմայական փոփոխութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.