2015-11-05 10:16:00

Հալէպը արտաքին աշխարհին կապող ճամբան վերաբացուեցաւ։


Սուրիական բանակը երէկ յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բուռն բախումներէ ետք ահաբեկչական խմբաւորման պատճառած է մեծ կորուստներ եւ դարձեալ իր վերահսկողութեան տակ առած Հալէպ-Խանասեր-Ասրիէ-Սալամիէ ճամբան:

Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը երեկոյեան հաղորդեց, որ ականազերծումի աշխատանքներէ եւ ապահովելէ ետք նշեալ ճամբուն վրայ երթեւեկի ապահովութիւնը, բեռնատար մեքենաներ սկսած են ուղղուիլ դէպի Հալէպ:








All the contents on this site are copyrighted ©.