2015-11-05 08:40:00

Ընկերային գիտութեանց քահանայապետական ակադեմիայի գիտաժողովը նուիրուած երիտասարդներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կատարեալ սէրը կը խորտակէ վախը, ընչաքաղցութիւնը ու ստրկութիւնը. ռահվիրան երիտասարդներուն կ՛իյնայ ընտրել ճամբան''։ Այս է նիւթը Ընկերային գիտութեանց քահանայապետական ակադեմիայի գիտաժողովին նուիրուած երիտասարդներուն, որ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ 7 եւ 8 նոյեմբեր 2015։

Հաղորդագրութիւն եւ յայտագիր։

Համաշխարհայնացած աշխարհին ապագան նոր սերունդին ձեռքն է։ Այդ պատճառաւ կը հրաւիրենք զանոնք, ինչպէս անցեալ տարի ըրինք` մասնակցելու գիտաժողովին, որ կը նպատակադրէ ի յայտ դնել ներկայ ժամանակներու արդի ստրկութիւնը  ու զատորոշել լաւագոյն կերպերը պայքարելու համար մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճիրին ու յառաջ բերել առձեռն գիրք մը օգնելու պատանիները ազատութեան ի նպաստ տածած աշխատանքին ծիրէն ներս։ Այդ ուղղութեամբ ներշնչուած ենք Laudato si’  շրջաբերականի հետեւեալ բառերէն. ''Սորվիլ ճանչնալ սեփական մարմինը, խնամել ու յարգել անոր էական նշանակութիւնները` հիմնական է  ճշմարիտ մարդկային բնապահպանութեան համար։ Նոյնպէս հարկաւոր է յարգել սեփական մարմինը իր իգականութեամբ ու արիութեամբ լաւագոյնս ճանչնալու ինքզինքը, իրմէ տարբերէն հանդիպումի ընթացքին։

Այսպէսով կարելի պիտի ըլլայ ուրախութեամբ ընդունիլ իւրաքանչիւրին պարգեւը, գործը արարիչ Աստուծոյ որ փոխադարձաբար կը հարստացնէ՝՝ (§ 155)։

Պապին հետ միասին այլ կրօնապետեր եւ ընկերաքաղաքական մարդիկ կոչ ուղղած են մեր խղճմտանքին` անցեալ 2 դեկտեմբեր 2014-ին, բանաձեւելով որ Աստուծոյ ժողովուրդին, ամէն մարդկային էակ, պարմանուհի թէ պատանի, կին կամ այր, ազատ անձ մըն է, սահմանուած ապրելու իւրաքանչիւրին բարիքին համար։ Արդի ստրկութեան զանազան երեւոյթները ինչպէս մարդավաճառութիւնը, պարտադիր աշխատանքը­­.... պէտք են նկատուիլ մարդկութեան դէմ ոճիրներ։ Այդ ուղղութեամբ ՄԱԿը անցեալ օգոստոսին հետեւեալ կարգադրութիւնը առաւ. ''Ջնջել պարտադիր աշխատանքը, արդի ստրկութիւնը, անհատներու վաճառքը, մանուկներու շահագործումը եւ մինչեւ 2025 տարին վերջ դնել անչափահասներու աշխատանքին, իր բոլոր երեւոյթներով։ Այս որոշումները բարոյական նոր հրամայական մըն են ՄԱԿի 193 անդամ պետութիւններուն համար։ Մարդկութիւնը կանչուած է հետզհետէ հակազդելու  այդ ողբերգութեան որուն զոհերը աւելի քան 30 միլիոն անհատներ են, շնորհիւ միջ-սերնդային զօրակցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.