2015-11-04 08:47:00

Իտալիոյ սուրբ Ֆրանչիսկոս պազիլիքայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած պատարագ։


Նոյեմբեր 2-ին` Իտալիոյ Ասիզի քաղաքի Սուրբ Ֆրանչիսկոս քահանայապետական Պազիլիկ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին տիեզերական պատարագ` եկեղեցւոյ գլխաւոր աբբահայր Մաուրօ Կամպետտիի գլխաւորութեամբ եւ հայր Կոլիէլմօ Սպիրիթոյի ու Իտալիոյ Հայ առաքելական թեմի առաջնորդ հայր Թովմա վարդապետ Խաչատրեանի մասնակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը:

Պատարագին հայր Կոլիելմօ Սպիրիտոն խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման խորհուրդին մասին, իր համերաշխութիւնը յայտնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման եւ մէջբերումներ ըրաւ Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութիւններէն:

Պատարագէն ետք կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած, Իտալիոյ մէջ բնակող հայ բարերար Արթուր Յակոբեանի նուիրաբերած խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Խաչքարը տեղադրուած է Սուրբ Ֆրանչիսկոս եկեղեցւոյ անմիջապէս մուտքին մօտ:

Խաչքարի օծման արարողութենէն յետոյ դեսպան Սարգիս Ղազարեան երախտիքի խօսք ուղղեց Ֆրանչիսկեան միաբանութեան` հայ ժողովուրդին հանդէպ դրսեւորած համերաշխութեան համար` նկատելով, որ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Սուրբ Ֆրանչիսկոս եկեղեցւոյ եւ Իտալիոյ հայերու միութեան համագործակցութեամբ այս տարուայ Մարտէն եկեղեցւոյ տարածքին մէջ բացուած եւ կը շարունակէ գործել Կարէն Կոքչեանի հայկական եկեղեցիներու ու վանական համալիրներու, մշակութային կոթողներու եւ բնապատկերներու «Հայերը եւ Հայաստանը» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը, որ արդէն 2 միլիոն այցելու  ունեցած է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Արթուր Յակոբեանին եւ Իտալիոյ հայերու միութեան` դեսպանութեան նախաձեռնութիւններուն մշտական աջակցութեան համար:

Դեսպանը նկատեց, որ անցեալի ցեղասպանութիւններու յիշողութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութեան հարցով անտարբերութիւնը, լռութիւնը եւ ժխտողականութիւնը մարդկութեան դէմ նոր ոճիրներու պատճառ կը դառնան: Այդ ծիրէն ներս ան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ «Իսլամական պետութեան» կողմէ քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ իրականացուող վայրագութիւններուն:

Դեսպան Սարգիս Ղազարեան ներկայացուց նաեւ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգելման նպատակով միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի կողմէ երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով կատարուող աշխատանքները:

Տիեզերական պատարագին եւ խաչքարի օծման արարողութեան ներկայ էին Ասիզիի քաղաքապետ Քլաուտիօ Ռիչին, իտալական եւ եւրոպական խորհրդարաններու անդամներ, քաղաքի հոգեւոր, հասարակական ու քաղաքական շրջանակներու, հայ համայնքի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Տեղեկանք. Ասիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոս եկեղեցին Իտալիոյ եւ կաթոլիկ աշխարհի կարեւորագոյն սրբավայրերէն մէկն է, ուր օրական բազմահազար ուխտաւորներ ու զբօսաշրջիկներ կ’այցելեն, եւ եկեղեցին տարեկան շուրջ 15 միլիոն այցելու կ’ունենայ: Ան Իտալիոյ եւ Եւրոպայի կաթոլիկ պահապան Սուրբ Ֆրանչիսկոսի պաշտամունքի հիմնական ուխտավայրն է, եւ այստեղ  սկիզբ կ’առնէ Միջազգային խաղաղութեան տարեկան երթը:








All the contents on this site are copyrighted ©.