2015-11-04 09:13:00

ԵԱՀԿի դէտերը քննադատած են Թուրքիոյ ընդդիմութեան եւ մամուլին վրայ ճնշումները։


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Նոյեմբեր 1ին Թուրքիոյ մէջ կատարուած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւած ԵԱՀԿի (Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) դիտորդական խմբակը որ 3 նոյեմբերին օր հրապարակած է իր զեկոյցը:
Ըստ «Ակօս»ի՝ ԵԱՀԿի պատուիրակութիւնը քննադատած է յատկապէս երկրի հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամներուն, քարոզարշաւներու անձնակազմերուն եւ կուսակցութիւններու գրասենեակներուն վրայ կատարուած յարձակումները, ինչպէս նաեւ՝ ազատ քարոզարշաւ իրականացնելու իրաւունքին դէմ դրուած սահմանափակումները:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ մամլոյ անազատութեան, լրագրողներու նկատմամբ անտեղի հետաքննութիւններուն, որոշ լրատուամիջոցներու փակման դէպքերուն, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակէտներու ծանօթանալու եւ տեղեկատուութիւնները տարբեր աղբիւրներէ ստանալու կարելիութեանց սահմանափակումերուն:
ԵԱՀԿի դէտերը մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրած են այն հանգամանքին վրայ, որ յատկապէս քարոզարշաւի վերջին երկու շաբաթներուն, աւելի յաճախակի դարձած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամներուն եւ համակիրներուն վրայ յարձակումները կամ անոնց ձերբակալումը: Բացի ատկէ, ընդդիմադիր երեք գլխաւոր կուսակցութեանց 33 անդամներու նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած է՝ նախագահ Էրտողանը եւ պետական այլ պաշտօնատարներ վարկաբեկելու մեղադրանքով:
Դէտերը նաեւ նշած են, որ որոշ ընտրողներ բռնութիւններու եւ սպառնալիքներու ենթարկուած են՝ քաղաքական որոշ ուժի ի նպաստ քուէարկելու հարկադրանքով: Նաեւ, ընդգծուած է այն հանգամանքը, որ որոշ ընտրատարածքներու մէջ կուսակցութիւններու կողմէ հաւատարմագրուած դէտերու գործունէութիւնը խոչընդոտուած է։
Դիտորդական խմբակի մամլոյ բանբեր եւ Շուէտի Ազատական կուսակցութենէն երեսփոխան Մարկարեթա Սետարֆելտ նաեւ «խիստ մտահոգի»չ որակած է ընտրութիւններէն առաջ պատկերասփիւռի կայաններուն եւ թերթերուն դէմ արշաւը։
Թրքական «Զաման» թերթը գրած է, որ դէտերը, բացի Թուրքիոյ բարձրագոյն ընտրական խորհուրդի, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն, հանդիպումներ ունեցած են նաեւ պետութեան կառավարման տակ առնուած ընդդիմադիր թերթերու եւ պատկերասփիւռի կայաններու ղեկավարութիւններուն հետ:
Սետարֆելտ աւելցուցած է, որ իրենք անհանգիստ են նաեւ Թուրքիոյ մէջ ազատ մամուլին ապագայով:








All the contents on this site are copyrighted ©.