2015-11-03 14:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը Պուքարեսթի մէկ պարասրահի մէջ արկածի առընչութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Պուքարեսթի մէկ պարասրահի մէջ, անցեալ ուրբաթ 30 հոկտեմբերին, հրդեհ մը ահ ու սարսափ սերմանեց եւ շփոթութեան մատնեց այդտեղ համախմբուած հարիւրաւոր երիտասարդներ որոնցմէ շատերը դժբախտաբար զոհ դարձան հրդեհին եւ կորսնցուցին իրենց կեանքը։

Այս աղէտալի պատուհասին ի լուր Վատիկանի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ռոմանիայի Հանրապետութեան նախագահ` Տիար Քլաուս Եոհաննիսին որուն մէջ յայտնեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կսկիծն ու ցաւը ինչպէս նաեւ Անոր մօտիկութիւնը` երիտասարդ մեռեալներու ընտանեկան պարագաներուն, կառավարական իշխանութիւններուն ու համայն Ռումանացիներուն, Տիրոջ ողորմածութեան յանձնելով այս ողբալի արկածին զոհերու հոգիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.