2015-11-03 09:13:00

Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը վերադարձաւ Պէյրութ


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը Նոյեմբեր 2-ին վերադարձաւ Պէյրութ, մօտ երկու ամիս տեւած աշխատանքային շրջագայութեան աւարտին, որուն վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ Վատիկանը, ուր ան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հռոմի եպիսկոպոսաց հերթական՝ ԺԴ.  սիւնհոդոսին՝  «Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհի մէջ» բնաբանով։

Հոգեւոր տէրը դիմաւորելու նպատակով, Պէյրութի միջազգային օդակայան եկած էր հայ կաթողիկէ կրօնական եւ աշխարհական անձնաւորութիւններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:

Օդակայանի պաշտօնական սրահին մէջ Հոգեւոր Տէրը ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ անցած երկու ամիսներուն Հայաստանի եւ Հռոմի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն եւ իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն: Պատասխանելով Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կայքէջի խմբագրութեան հարցումներուն, Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը յայտնեց թէ Հռոմի եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը, որ խորհրդակցական բնոյթ ունի, յստակօրէն եւ առանց լուրջ տարակարծութեանց հաստատեց այն արժէքները, որոնք կը վերաբերին Եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ ընտանիքի դերակատարութեան:  Շուրջ ամիս մը տեւած այս խորհրդակցութիւնները որպէս հիմք պիտի ծառայեն եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ այդ ուղղութեամբ կատարուելիք յայտարարութեան եւ ձեռնարկումներուն:

Անդրադառնալով շրջանային, քաղաքական եւ ապահովական կացութեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նշեց, թէ Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաները հրաւիրուած են յոյսով վերաբերելու ներկայ բարդ ժամանակներուն ու պայմաններուն հետ, ինչպէս նաեւ գօտեպնդուելու քրիստոնէական հաւատքով եւ քաջութեամբ դիմակայելու փորձութիւնները:

Նշենք որ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը օգոստոսի վերջը մեկնած էր Հռոմ նախագահելու համար Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու արտահերթ սիւնհոդոսին որ կայացաւ 1-10 սեպտեմբերին Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ, ան մեկնած էր Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին հրաւէրով, մասնակցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6-րդ նիստին՝ 26 սետեմբերին։ Մինչ այդ, 23 սեպտեմբերին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Սուրբ Էջմիածին եւ  24 սեպտեմբերին, օծումը կատարեց Կիւմրիի նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիին մասնակցութեամբ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին եւ ներկայութեամբ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի։ Միեւնոյն երեկոյեան մատուցանեց անդրանիկ սուրբ Պատարագը նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ։  Յաջորդ օրը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպում մը ունեցան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ








All the contents on this site are copyrighted ©.