2015-11-03 08:51:00

Վատիկան. ձերբակալութիւններ գաղտնի լուրերու և վաւերաթուղթերու տարածումի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի ոստիկանութիւնը ամիսներէ ասդին մօտէն կը հետեւէր գաղտնի (վերապահուած) լուրերու և վաւերաթուղթերու  տարածումներու հարցին։

Անցեալ շաբաթ եւ կիրակի օրը ոստիկանութիւնը երկու պաշտօնեաներ հարցաքննութեան ենթարկեց ստուգելու անոնց գործած արարքները։

Պաշտօնեաներէն մին եկեղեցական եպիսկոպոսն մըն է` գերապայծառ Lucio Angel Vallejo Balda, իսկ երկրորդը աշխարհական տիկին մը` Francesca Chaouqui, որոնք անցեալին եղած են Ս. Աթոռի տնտեսա-վարչական խորհուրդի քարտուղար ու անդամ, հաստատուած ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ Յուլիս 2013-ին։

Հարցաքննութենէն ետք երկու պաշտօնեաները  ձերբակալուեցան ապա Երկուշաբթի 2 նոյեմբերին  Վատիկանի ատեանը արտօնեց ազատ արձակել տիկին Chaouqui-ն իր արդարադատութեան հետ համագործակցութեան համար։ Մինչ գերապայծառ Վալլէօ Պալտայի  դիրքը քննարկումի մէջ է տակաւին։

Նշենք որ Վատիկանի օրէնսդրութեան 9-րդ կանոնի համաձայն գաղտնի (վերապահուած) լուրերու և վաւերաթուղթերու տարածումը կը նկատուի  յանցագործութիւն։

Ի տես ապա յառաջիկայ օրերուն  վերոնշեալ փաստաթուղթերու հիման վրայ հրատարակուելիք գիրքերուն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը յայտնեց թէ անոնք պտուղն են, ինչպէս անցեալին, Ֆրանչիսկոս Պապին այդ անձերուն նկատմամբ ունեցած վստահութեան դաւաճանութեան, որոնք ուզեցին  փնտռել անձնական շահեր ու փառք, վերապահուած լուրերու եւ տեղեկութիւններու տարածումով։

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը ապա կը հաստատէ թէ ''Այսպիսի հրատարակութիւններ ոչ մի ձեւով կ՛օգնեն ճշմարտութեան եւ յստակութեան այլ կը յառաջացնեն շփոթութիւն եւ  կողմնակալ մեկնաբանութիւններ








All the contents on this site are copyrighted ©.