2015-11-03 13:23:00

ՀՀ Նախագահին ցաւակցականը Մոսկուայէն Երեւան ժամանող հանրակառքի վթարի կապակցութեամբ։


Նախագահ Սերժ Սարգսեան Թուլայի շրջանին մէջ «Տոն» ճանապարհին Մոսկուայէն Երեւան ժամանող հանրակառքի վթարի կապակցութեամբ Նոյեմբեր 3-ին ցաւակցական ուղերձ յղած է եւ շարք մը յանձնարարականներ տուած պատկան մարմիններուն:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` նախագահի ցաւակցական ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

«Խոր ցաւով տեղեկացայ Տուլայի շրջանում Մոսկուայից Երեւան ժամանող աւտոբուսի վթարի եւ անդառնալի հետեւանքների մասին: Այս գիշեր մեծ կորուստ կրեց մեր ողջ ժողովուրդը, մեզնից իւրաքանչիւրը: Այս ծանր պահին իմ ցաւակցութիւնն ու վշտակցութիւնն եմ յայտնում զոհուածների ընտանիքներին, հարազատներին եւ մերձաւորներին: Բոլոր վիրաւորներին մաղթում եմ շուտափոյթ ապաքինում»:

Մոսկուայէն Երեւան ժամանող հանրակառքի վթարի կապակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահը իրաւասու իրաւապահ մարմիններուն յանձնարարած է անյապաղ նախաձեռնել անհրաժեշտ իրաւական ընթացակարգեր` իրենց իրաւասութեան ծիրէն ներս վթարին առնչուող հանգամանքները պարզելու համար` ապահովելով Ռուսաստանի Դաշնութեան համապատասխան մարմիններու հետ համագործակցութիւնը:

Սերժ Սարգսեան իրաւասու մարմիններուն յանձնարարած է նաեւ կարճ ժամկէտներու մէջ վթարի պատճառներուն եւ աւելի լայն ու համալիր ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն միջպետական հանրակառքերու փոխադրումներու անվտանգութեան աստիճանը էապէս աւելցնելու ծրագիր:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան յանձնարարուած է միջոցներ ձեռնարկել զոհուածներու եւ տուժածներու ընտանիքներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ ամբողջ ծաւալով բժշկական օգնութիւն կազմակերպելու նպատակով:








All the contents on this site are copyrighted ©.