2015-11-03 09:36:00

էկուատորի եպիսկոպոսները երախտագիտութիւն կը յայտնեն ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան) էկուատորի եպիսկոպոսները իրենց գումարած լիակատար նիստին ընթացքին իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին ֆրանչիսկոս Պապին իրենց երկրին կատարած այցելութեան արդիւնքներուն համար։ Անոնք ապա նշեցին թէ  եկեղեցին պատրաստ է ապրելու ողորմածութեան յոբելենական տարին։

՝՝Սրբազան Հօր այցելութիւնը մեր եկեղեցւոյ համար եղաւ շնորհքի, միութեան ու եղբայրակցութեան առիթ՝՝ կը կարդանք եպիսկոպոսներու պատգամին մէջ, որ հրապարակուեցաւ լիակատար ժողովի աւարտին, որ տեղի ունեցաւ Լոժա քաղաքին մէջ անցեալ 23-30 Հոկտեմբեր։

Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը գերապայծառ Թրավէզ պատգամը  ներկայացնելով խրախուսեց կառավարութիւնը եւ ընկերութիւնը կլոր սեղանի շուրջ համախմբուելու եւ ամենայն պարկեշտութեամբ ու անկեղծութեամբ լուծելու քաղաքական տագնապը։ Ան միաժամանակ ընդգծեց հարկաւորութիւնը բացայայտելու երկրին տնտեսական իրավիճակը։ Երկիրը կարիքը ունի ներդրումներու` հողագործութեան ու անասնաբուծութեան ու Ճարտարարուեստի ասպարէզներէն ներս - ընդգծեց գերապայծառ Թրավէզ ու հրաւիրեց  քաղաքական պատասխանատուները  աշխատելու հասարակաց բարիքին համար։

Անդրադառնալով  ֆրանչիսկոս Պապի էկուատոր կատարած հովուական այցելութեան մասին (5-8 Յուլիս 2015) գերապայծառ Թրավէզ մատնանշեց Սրբազան Պապին  մօտիկութեան եւ էկուատորի ժողովուրդին արտայայտած խանդավառութեան հրաւիրելով նախանձախնդրութեամբ պահպանել ու ապրիլ Քահանայապետին պատգամները, ''որպէսզի մեր հաւատքը ամրապնդուի ու ընտանիքի ու ընկերութեան մէջ միշտ աճի զօրակցութիւնը` մէկը միւսին հանդէպ'' ըսաւ գերապայծառ Թրավէզ ու աւելցուց ''հիմա որ կը պատրաստուինք ապրելու ողորմածութեան յոբելենական տարին, փորձարկենք Աստուծոյ ողորմութիւնը  ու կարեկցութեան զգացումներ ունենանք հանդէպ տառապեալներուն ու ընչազուրկներուն, այնպէս որ ամէնքս կարենանք զգալ Աստուծոյ ողորմածութեան ներկայութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.