2015-11-03 11:31:00

Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան խաչափայտը Պրիւքսէլի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի պատրաստութիւն Քրաքովիայի 2016-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան, անցեալ շաբաթավերջին`Ամենայն Սրբոց տօնին առթիւ, աւելի քան 600 երիտասարդներ, եկած Պելկիայի զանազան մարզերէն,  հիւրընկալած են Երիտասարդութեան համաշխարհային խաչափայտը Պրիւքսէլի մէջ։

Խաչափայտը արդէն բազմաթիւ հանգրուաններ կատարած է աշխարհի զանազան վայրերուն։ Պրիւքսէլի եկեղեցին  այդ առթիւ աղօթքի յատուկ յայտագիր մը պատրաստած էր երիտասարդներուն։ Արարողութիւնը սկսաւ շաբաթ օրը երեկոյեան աղօթքով ապա հանրածանօթ ֆրանսացի  գեղարուեստագէտ Gregory Turpin ներկայացուց հաւատքի վկայութիւն մը  որուն յաջորդեց Քրաքովիայի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան յայտագիրը։

Արարողութեան աւարտին ներկաները  թափօրով շրջեցան Պրիւքսէլի ճանապարհներուն վրայ։

Կիրակի մէկ Նոյեմբերի, առաւօտուն,  երիտասարդները դարձեալ տողանցք մը կատարեցին աշխարհի բոլոր դրօշակներով հուսկ ներկայ գտնուեցան ս. Պատարագի արարողութեան` աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.