2015-11-03 09:31:00

Երանելի Շառլ տէ ֆուքոյի մահուան առաջին դարադարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 31 Հոկտեմբերին ս. Երկրի Նազարէթ քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ Երանելի Շառլ տէ ֆուքոյի մահուան առաջին դարադարձի տօնախմբութեան տարին որ կը հանդիսանայ բարեպատեհ առիթ` ճանչնալու երանելի Շառլ տէ ֆուքոյի լուսաւոր կենցաղը եւ յուզիչ հոգեւորութիւնը։ Անոր կեանքը արդարեւ եղաւ ամբողջական սէր ու նուիրում Քրիստոսի ու այլոց։ Երանելի Շառլ տէ ֆուքօ ապրեցաւ Պաղեստին ու Սուրիա։ Ճանչցաւ ու սիրեց Միջին Արեւելքը։ Լաւապէս տիրացած էր արաբերէնին եւ եփրայերէնին։ Ան ապրեցաւ ս. Երկրի մէջ ու իւրացուց Նազարէթի հոգեւորութիւնը, որ կեդրոնացած է Մարդեղութեան խորհուրդին վրայ։ Երբ Շառլ տէ ֆուքօ անապատ հաստատուեցաւ կը սիրէր իր տունը կոչէր եղբայրակցութեան տուն, վայր մը` ուր ամէն անհատ ինքզինք իր տան մէջ կը զգայ և ուր ամէն անհատ՝ ըլլայ մահմետական, հրեայ, քրիստոնեայ կամ անհաւատ, զինք նկատէ որպէս իր եղբայրը։ Այս է երանելի Շառլ տէ ֆուքոյի  պատգամը։

''Երանելի Տէ Ֆուքոյի Սուրիա կեցութեան ընթացքին տեղի կ՝ունենար հայկական ջարդը։ Ան մանրամասնօրէն ու ամենայն ճշգրտութեամբ կ՛ ոգեկոչէ  յիշատակը բոլոր հայ նահատակներու։ Ինք եւս միշտ բաղձանք յայտնած է նահատակուիլ։

Այսօր Միջին Արեւելքի մէջ նահատակութիւնը կը շարունակուի կարծես մաս կազմեր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ճակատագրին։ Եւ այդ` շնորհիւ արեւմուտքի անտարբերութեան։

Երանելի Շառլ տէ ֆուքոյի մահուան առաջին դարադարձի ոգեկոչումին առթիւ նախատեսուած է հարուստ յայտագիր մը` աղօթքի երեկոյթներ, երանելիի բնակարանին այցելութիւն աշակերտութեան կողմէ, արաբերէն լեզուով համերգ`ուր կը պատմուի անոր կեանքը, ինչպէս նաեւ միջ-կրօնական հաւաք։

31 հոկտեմբերը  կ՛ ոգեկոչէ երանելի Շառլ տէ ֆուքոյի դարձը՝ որ տեղի ունեցաւ 1886-ի հոկտեմբերի աւարտին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.