2015-11-03 09:19:00

Արամ Ա. «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով գնահատեց Գոհար երգչախումբի հիմնադրուհին։


Երկուշաբթի, 2 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ԳՈՀԱՐ երգչախումբին մաս կազմող շուրջ 200 անդամ-անդամուհիները այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք` առաջնորդութեամբ երգչախումբի հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանին եւ իր երեք զաւակներուն` Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեաններուն: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին Լիբանանի պետական հայ երեսփոխանները:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելով ԳՈՀԱՐ երգչախումբին ներկայութիւնը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, բարձր գնահատեց հայ երաժշտութեան գոհարները մեր ժողովուրդին տանելու անոր առաքելութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ նաեւ ընդհանուր արժեւորումը կատարելով ԳՈՀԱՐ երգչախումբի ելոյթներուն, անդրադարձաւ անոր երաժշտական բարձր որակին, եւ դասականն ու արդիականը, անցեալն ու ներկան ներդաշնակօրէն իրարու ընդելուզող իր գնահատելի ճիգին: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց Խաչատուրեան ընտանիքին, որ ոչ միայն հիմնադիրը եղած է ԳՈՀԱՐ երգչախումբին, այլ նաեւ կը նպաստէ ԳՈՀԱՐ-ի առաքելութեան առաւել ծաւալման ու ծաղկման: Եւ իբրեւ իր սիրոյն ու գնահատանքին գործնական արտայայտութիւն, վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Գոհար Խաչատուրեանը` այս պարգեւատրումին ճամբով իր գնահատանքը արտայայտելով Խաչատուրեան ընտանիքին եւ ԳՈՀԱՐ երգչախումբին








All the contents on this site are copyrighted ©.